Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՈՎՈՐԱԿԱՆԻՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ

January 6, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այնտեղը հովիւները կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ՛ընէին: Ահա Տէրոջ հրեշտակը անոնց վրայ իջաւ եւ Տէրոջ փառքը անոնց բոլորտիքը ծագեցաւ ու խիստ շատ վախցան»:

(Ղուկաս 2:8-9)

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան մէջ կը տօնենք Աստուծոյ յայտնութիւնը մարդուն: Յայտնութիւն, որ ցոյց տուաւ ստեղծիչ Աստուծոյ մօտիկութիւնն ու սէրը ստեղծուածին, Փրկիչ Աստուծոյ իրականութիւնն ու ողորմութիւնը մեղաւորին: Տօնը յաւիտենական Աստուծոյ մեզի գալուն` Էմմանուէլ ըլլալուն տօնն է:

Սովորական հովիւներ, իրենց սովորական տեղը, դաշտին մէջ, իրենց սովորական գործին ընթացքին տեսան հրեշտակներու տեսիլքը, որ արտասովոր իրականութիւն մը կը պատգամէր իրենց: Արտասովորն ու գերբնականը ճեղքեցին սովորական մարդկայինը, որպէսզի մարդը հաղորդ դառնայ իր աստուածատուր կարելիութեան, որպէսզի ան կարենայ տեսնել իր սովորական վիճակներուն անսահման կարելիութիւնները:

Տօներուն մէջ մենք կը փնտռենք եւ կը փորձենք արտասովորը: Կ՛ուզենք տօները վերածել արտասովոր ուրախութեան` արտասովոր նուէրներով եւ վարմունքներով: Նոյնիսկ եթէ քիչ թէ շատ վատնում ըլլայ մեր ըրածներուն մէջ, նոյնիսկ եթէ չափազանցութիւն ըլլայ մեր ըսածներուն պարագային, բնական կը սեպենք տօնին հաշուոյն, քանի կը փորձենք շեշտել արտասովորը: Հրեշտակային պատգամ մը «սովորական» պիտի ըլլար, նոյնիսկ փափաքելի` մեր տօնակատարութեան մէջ, սակայն հովիւները շատ վախցան հրեշտակին փայլքէն եւ իրենց բոլորտիքը ծագող Աստուծոյ փառքէն: Արտասովորը կրնայ նաեւ վախ ազդել: Արտասովոր դէպքերու լուրերէն չվախցա՞նք անցնող տարուան ընթացքին. չվախցա՞նք սովորական մեր կեանքի ընթացքը կորսնցնելու վտանգէն: Սովորականը ապահովութիւն եւ կայունութիւն կը ներշնչէ մեզի համար, թէեւ կրնայ նաեւ ձանձրալի ու անկարեւոր սեպուիլ:

Եւ ահա հովիւները Բեթղեհէմ երթալով կը գտնեն «սովորական» մանուկ մը իր մօրը մօտիկ` մսուրին մէջ պառկած: Աստուած ինքզինք կը յայտնէ սովորականին մէջ: Մեր առջեւ դրուած մարտահրաւէրն է սովորականին մէջ հաւատքով տեսնել Աստուծոյ տուած եւ տակաւին խոստացած արտասովորը: Սորվելու ենք հաւատքով նայիլ սովորականին, անոր մէջ կենալ հաւատարմաբար եւ աշխատիլ մեզի տրուած կարելիութիւններով ու տաղանդներով այնպէս, որ արտասովորը, հրաշալին ու աստուածայինը իրական ըլլան մեր մէջ եւ մեր շուրջ: Սովորականը` երբ սորվինք զայն իմաստաւորել հաւատքով եւ աշխատանքով, մեծ կարելիութիւններ կը բանայ մեր առջեւ:

Թող Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան իրականութիւնը մեր ազգին եւ մեր կեանքին համար նորոգութիւն ըլլայ այնպէս, որ մեր սովորականը տեսնենք իբրեւ կարելիութիւն եւ յոյսով դիմաւորենք գալիքը` Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալուն վստահութեամբ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ, ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Նախագահ
Մերձաւոր Արեւելքի
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան

Յունուար 2012

Նախորդը

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ԺԽՏՄԱՆ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յաջորդը

ԾԱՆԻՐ ԶՔԵԶ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.