Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օման Առաջարկած Է Իրանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարել, Սակայն Նեթանիահու Մերժած Է

February 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի երրորդ կայանը հաղորդեց, որ 2013-ին Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու ուղղակի ուղի բանալու գաղտնի նախաձեռնութիւն մը առաջարկուած է:

Պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Պարաք Ռավիտի «Նեթանիահու` արաբներուն մարդը» խորագիրով պատրաստած երեք զեկուցումներուն մէջ կը նշուի. «Օմանի հանգուցեալ սուլթան Քապուսը Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի իշխանութեան հասնելէն ետք Իսրայէլ-Իրան գաղտնի եւ ուղղակի բանակցութիւններ գումարելու միջնորդութիւն կատարեց»:

«Օրին Իսրայէլի զինուորական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Եաքոպ Ամիտրոր կասկած յայտնած է նախաձեռնութեան օգուտին նկատմամբ, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին մարտ 2013-ին առանց Իսրայէլը նախապէս տեղեակ պահելու Իրանի հետ գաղտնի համաձայնութեան եզրին գտնուելէն ետք, բանակցութիւններ, որոնք 2015-ին յանգեցան Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան ստորագրութեան», կը նշէ իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը:

«Իսրայէլի` միջազգային բոլոր թատերաբեմներուն վրայ Իրանի նկատմամբ թշնամական ու յարձակողական քաղաքականութիւն որդեգրած վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակին մէջ ապահովական քննարկումներէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք, Նեթանիահու որոշեց մերժել օմանեան նախաձեռնութիւնը», կը հաղորդէ զեկուցումը:

Ըստ զեկուցումին, Նեթանիահու այդ նախաձեռնութիւնը մերժած է «հիւլէական համաձայնութեան շուրջ ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւններուն օրինականութեան շնորհումը կանխարգիլելու համար»:

Օմանեան նախաձեռնութիւնը, որ մինչեւ օրս ապահովական մարմիններու ղեկավարներու փոքր խմբակի մը մօտ գաղտնի պահուած է, վարչապետին ներկայացուած է օրին Մոսատի ղեկավարը եղող Թամիր Պարտոյի կողմէ:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Բնակչութիւնը Մէկ Տարուան Մէջ Աւելցած Է 1 Միլիոն 151 Հազարով

Յաջորդը

Թրամփ Յաղթած Է Այոուայի Հանրապետական Կուսակցութեան Պատգամաւորական Ժողովին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.