Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՐԱՆԴ ԳԱԼԷՄՔԵՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՎՃՌԱԿԱՆ ԵՒ ԺՐԱՋԱՆ ԸՆԿԵՐԸ

January 6, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ բաժնուեցաւ մեր շատ սիրելի, յարգելի, վաստակաւոր, բազմաշխատ եւ հաւատացեալ Հրանդ Գալէմքերեանը` մեզի ձգելով բազմաթիւ յիշատակներ, որոնք իրենց իւրայատուկ տեղը կը գրաւեն մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ` իբրեւ կեանքի երկար տարիներու ծառայութիւն, աշխատանքի եւ համեստ մօտեցումի լաւագոյն օրինակները կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց կանգնելու:

Հրանդ Գալէմքերեան ծնած է Պէյրութ, Հայաշէն թաղամասին մէջ 1933 թուականին. եղած է զաւակը հայ նահապետական հաւատացեալ ընտանիքի մը: Փոքր տարիքին, հազիւ վեց տարեկան, կորսնցուցած է հայրը: Մայրը ստանձնելով ընտանեկան ծանր պարտականութիւնը, լծուած է զաւակներու դաստիարակութեան` թրծելով զանոնք իբրեւ հայ ազգային նկարագիրի տէր անձեր: Նախնական ուսումը ստացած է Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ եւ եղած է աշխատասէր ու հնազանդ:

Պատանի տարիքին մաս կազմած է Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դպրաց դասին` ծառայելով երկար տարիներ եւ ըլլալով հաւատացեալ եւ տիպար անդամ: Այսպիսով մասնակցած է եկեղեցւոյ բոլոր ծիսակատարութեանց եւ դպրաց դասի զանազան գործունէութեան: 1966 թուականին լծուած է գաղափարական եւ կուսակցական աշխատանքին` մաս կազմելով ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան` իբր շարքային ընկեր: Իր տիպար, հանդարտ, խոհեմ եւ պարտաճանաչ կեցուածքով եղած է օրինակելի անդամ իրեն վստահուած բոլոր պարտականութեանց մէջ` մինչեւ կեանքի վերջին օրերը մնալով անկեղծ զինուոր ՀՅԴ կազմակերպութեան:

Ան ընտրած է իր կեանքի ընկերը, կազմելու համար քրիստոնեայ հայ ընտանիք մը: Աստուած իրենց պարգեւած է զաւակներ, որոնք հայեցի եւ  ազգային դաստիարակութեամբ ու կրթութեամբ կրցած են զանոնք հասցնել լաւագոյն դիրքերու` ծառայելու համար գաղութին եւ հայ ժողովուրդին: Երկար տարիներ եղած է Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ` ըլլալով ատակ, աշխատող եւ ծառայասէր թաղական:

Ընկեր Հրանդ ունէր իր գործի ասպարէզը: Իբրեւ պետական պաշտօնեայ` կ՛աշխատէր հեռաձայնի ընկերութեան մէջ, ուր բծախնդրութեամբ կը կատարէր իրեն վստահուած աշխատանքը` միշտ ու միշտ օգտակար հանդիսանալով ժողովուրդին եւ անոնց կարիքներուն:

1978-ին ան փոխադրուած  է Պուրճ Համուտի հեռաձայնի ընկերութեան բաժինը եւ ծառայած մինչեւ 1994 թուական` նոյն մօտեցումով եւ ուղղամտութեամբ:

1990-ի ցաւաի եւ տագնապալի օրերուն, երբ Լիբանանը, ի մասնաւորի Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի շրջանը ծանր վիճակի մէջ էին, ան առանձինը իր պաշտօնին վրայ կանգուն մնաց 40 օրեր: Վճռակամութեամբ կը պաշտօնավարէր, երբ բոլոր գործընկերները պատսպարուած էին իրենց տուները: Հոս կարեւոր է յիշել ՀՅԴ ակումբներու դերակատարութիւնը. երբ անոնք վառելանիւթ կ՛ապահովէին հեռաձայնի ընկերութեան` շարունակուելու համար աշխատանքը:

Ան երբ հանգստեան կոչուեցաւ, իր կեանքի վերջին տարիներուն, առողջութիւնը դաւաճանեց զինք, չկարողացաւ շարունակել իր ծառայութիւնը եւ առաքելութիւնը, սակայն միշտ փափաք կը յայտնէր եկեղեցի եւ ակումբ երթալու, կ՛ուզէր մօտէն հետեւիլ աշխատանքներուն եւ տալ պէտք եղած թելադրանքները:

Երբ ալ կարողութիւն չունէր տունէն դուրս գալու, հաւաքելով թոռները անոնց կը պատմէ հայոց պատմութիւն. կրօնք եւ մշակոյթ, անոնց մտքերուն մէջ մշակելու համար հայկականութիւն եւ ազգային դաստիարակութիւն:

Հրանդ Գալէմքերեան բաժնուեցաւ իր ընտանիքէն եւ ընկերներէն` լաւ յիշատակներ թողելով իր ետին, մենք բոլորս կը խոնարհինք իր յիշատակին առջեւ` խոստանալով շարունակել անոր հարթած ճանապարհը:

ԱՐՏԱՇԷՍ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ

Նախորդը

ԾՆՆԴԵԱՆ ԽՈՀԵՐ. ԱՆՓՈՓՈԽ ՔՐԻՍՏՈՍ` ՓՈՓՈԽԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ

Յաջորդը

ՀԱՅ ՆՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԷՋԸ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.