Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն երէկ դուրս գալը նկատեց բրիտանացիներուն համար նոր դարաշրջանի սկիզբ: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետը այդ առնչութեամբ յայտարարութիւն հրապարակած է:
«Ամէնէն կարեւոր բանը, որ այսօր կ՛ուզեմ ըսել, այն է, թէ ասիկա ոչ թէ աւարտն է, այլ սկիզբը: Ասիկա նոր դարաշրջանի սկիզբն է, ասիկա այն պահն է, երբ բոլորս կը համախմբուինք` նոր փուլ մուտք գործելու համար: Իմ դերս, իբրեւ ղեկավար, կը կայանայ անոր մէջ, որ միաւորեմ երկրին բնակիչներն ու յառաջ տանիմ», ըսած է ան:
Բրիտանիան երէկ Եւրոպական Միութեան 47 տարի եւ մէկ ամիս անդամ ըլլալէ ետք լքեց միութիւնը: 31 յունուարէն ետք պիտի ըլլայ անցումային ժամանակաշրջան, որ նախատեսուած է մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2020:
Անցումային ժամանակաշրջանը ճշդուած է «Պրեքզիթ»-ի հետեւանքներէն խուսափելու համար: Յառաջիկայ 11 ամիսներուն ընթացքին Բրիտանիան եւ Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ գտնուող 27 անդամները պիտի շարունակեն «բաժանում» տեղի չունեցածի պէս վարուիլ:



