Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսա Յունաստանին Աջակցելու Համար Զօրք Կ՛ուղարկէ Միջերկրական Ծով

February 1, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մարտանաւեր կ՛ուղարկէ Միջերկրական ծով, որպէսզի աջակցի Յունաստանին` ծովու արեւելեան ջուրերուն մէջ շրջանի ուժանիւթային հարստութիւններուն տիրանալու համար Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումները կասեցնելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:

Մաքրոնի խոստումը Յունաստանի համար դարձած էր խթան, եւ դեկտեմբեր ամիսին յոյները սկսած էին Թուրքիոյ ապօրինի գործողութիւններուն դէմ դնելու համար դիւանագիտական աշխատանքներ իրականացնել`  ստանալով այլոց աջակցութիւնը:

Յունաստան կը նկատէ, որ Թուրքիոյ այդ գործողութիւնները կը վնասեն Յունաստանի եւ Կիպրոսի գերիշխանութեան:

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս, որ օրեր առաջ կը գտնուէր Ֆրանսա եւ հանդիպում ունեցած էր Մաքրոնի հետ, յայտարարած է, որ այդ մարտանաւերը պիտի հանդիսանան Թուրքիոյ հետ վիճաբանութեան մէջ խաղաղութեան երաշխաւոր:

Թուրքիան նոյեմբերին Լիպիոյ` ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան հետ կնքած էր համաձայնագիր մը, որով յստակացան Միջերկրական ծովուն մէջ Թուրքիոյ նկրտումները, որոնք, ըստ Յունաստանի, կը խախտեն Յունաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

Համաձայնագիրը նաեւ կ՛ենթադրէ Թուրքիոյ կողմէ զինուորական աջակցութիւն Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան: Ֆրանսայի նախագահը քննադատած էր Լիպիա զօրք ուղարկելը: «Վերջին քանի մը օրերուն մենք ականատես եղած ենք, թէ ինչպէ՛ս թրքական մարտանաւերը` սուրիացի վարձկաններու ուղեկցութեամբ, լիպիական հողերուն վրայ ափ կ՛իջնեն: Ատիկա լրջօրէն կը խախտէ Պերլինի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը», յայտարարած էր Մաքրոն:

Յունաստան այս շաբաթ մերժած էր Թուրքիոյ պահանջը ապառազմականացնելու Եգէական ծովուն մէջ գտնուող յունական 16 կղզիները, որոնց մօտ զինուորական բախումի հաւանականութիւնը վերջին տարիներուն աճած են:

Ֆրանսացիները արդէն մասնակցած են շարք մը ռազմափորձերու` Յունաստանի եւ Կիպրոսի զօրքերուն հետ: Այդ ռազմափորձերուն ընթացքին Միցոթաքիս ողջունած էր շրջանին մէջ ֆրանսական նաւերուն գոյութիւնը: Մաքրոն յայտարարած է, որ Ֆրանսան կ՛աջակցի Յունաստանին եւ Կիպրոսին, իսկ Թուրքիոյ գործողութիւնները սադրանք են եւ կը խախտեն տարածքային ամբողջականութիւնը:

Նախորդը

«Ասիկա Ոչ Թէ Աւարտն Է, Այլ Սկիզբը. Բրիտանիոյ Համար Նոր Դարաշրջան Կը Սկսի» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

Յաջորդը

Այն Ասատի Դէմ Իրանեան Յարձակումէն Վիրաւորուած Ամերիկացի Զինուորներուն Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.