Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Տիապ Շարունակեց Հետեւիլ Երկրին Տնտեսական Տագնապը Լուծելու Ծրագիրներուն

February 1, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի` աւելցնելով, որ պէտք է քիչ մը տոկալ ու կացութիւնը հանդուրժել` յուսալով, որ կարելի կ՛ըլլայ տնտեսական տագնապը լուծելու նուաճումը իրականացնել:

Տիապ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը, որմէ ստացաւ տնտեսական տագնապը դիմակայելու ծրագիր մը:

Վարչապետ Տիապի այցելեցին նաեւ քննչական խորհուրդները, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութեանց նախագահները, որոնց հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ փտածութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Տիապ ընդունեց Վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքսը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին ան հաստատեց, որ վառելանիւթի ներածումին վերաբերող հարցին լուծումը կարելի չէ ապահովել միայն վառելանիւթին սակը բարձրացնելով:

Տիապ անդրադարձաւ շարք մը այլ միջոցներու, որոնք կարելի է որդեգրել առանց պենզինի, մազութի եւ պիւթակազի սակը բարձրացնելու:

Հանդիպումէն ետք Պրաքս յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին կառչած մնալ լիբանանեան դրամանիշին` աւելցնելով, որ կարելի չէ յանձնառու մնալ այն համակարգին, որ վառելանիւթի վաճառման սակը լիբանանեան դրամանիշով ըլլայ, բայց իրենք վառելանիւթը ամերիկեան տոլարով ապահովեն:

Ան նկատել տուաւ, որ իրենք կը վստահին վարչապետ Տիապին եւ անոր աշխատանքի առիթ պիտի տան:

Վարչապետին այցելուներէն եղան նաեւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քրիսթոտոլիտես եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Վարչապետարան այցելեց նաեւ Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, որ վարչապետին հետ քննարկեց խորհուրդին իրագործած աշխատանքներն ու խորհուրդին դերակատարութիւնը կառավարութեան գործադրելիք բարեկարգումներուն առումով:

Միւս կողմէ, վարչապետ Տիապ նախանցեալ օր երեկոյեան նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը:

Ներկայ էին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա, նախարարներ Տըմիանոս Քաթթար, Ղազի Ուազնի, Նասիֆ Հըթթի, Ռաուլ Նեհմէ, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թալալ Հաուաթ, Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Մանալ Ապտել Սամատ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ վարչապետի խորհրդատու Խտըր Թալեպ:

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ նիստէն ետք յայտնեց, որ վարչապետ Տիապ կը նկատէ, որ յանձնախումբը հսկայ աշխատանք տարած է աշխատանքային ծրագիրի մշակումին առումով, եւ կը նախատեսէ, որ շաբաթավերջին անոր աշխատանքը կը հասնի իր աւարտին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Եւ Շրէյմ Ընդգծեցին Գաղթականներու Հարցերու Նախարարութեան Աշխատանքները Աւարտելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Մինասեան. «Օր Առաջ Պէտք Է Միաւորուիլ` Թոյլ Չտալու Սահմանադրական Կարգի Տապալումը»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.