Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Վարդինէ Օհանեան – Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան:
Հանդիպումին ընթացքին Ապի Ռամիա նախարար Օհանեան-Գէորգեանին ներկայացուց խորհրդարանական յանձնախումբին աշխատանքը, ինչպէս նաեւ առաջադրուած օրինագիծերը, որոնք կը վերաբերին մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան:
Ապի Ռամիա յայտնեց, որ նախարարին հետ համաձայնութիւն գոյացած է միշտ գործակցելու եւ աշխատանքները համակարգելու, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ հանդիպումին ընթացքին նախարարին կողմէ պատրաստակամութիւն յայտնուած է նեցուկ կանգնելու մարզական ֆետերասիոններուն` նկատի ունենալով ներկայ տնտեսական իրավիճակը:
Քննարկուեցան նաեւ նախարարութեան կողմէ մարզական միութիւններուն, ակումբներուն եւ ֆետերասիոններուն յատկացուելիք գումարին մանրամասնութիւնները:
Ապի Ռամիա նախարար Օհանեան – Գէորգեանէն խնդրեց օժանդակել այն մարզիկներուն, որոնք Լիբանանը պիտի ներկայացնեն Ողիմպիական խաղերուն, որոնց շարքին է նաեւ մարզիկ Ռէյ Պասիլ:
Ապի Ռամիա նախարարին հետ քննարկեց նաեւ 2012-ին վաւերացուած երիտասարդական քաղաքականութեան վերաբերող փաստաթուղթը եւ անոր որոշումներուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ապի Ռամիա յաջողութիւն մաղթեց նախարար Օհանեան-Գէորգեանին` ընդգծելով անոր աշխուժութիւնը լիբանանցի երիտասարդներուն եւ մարզիկներուն ձգտումները իրականացնելու առումով:



