ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ֆրանսական դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք Լիբանան ապրող իր քաղաքացիներուն զգուշացումի ձայնային պատգամներ յղած է ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղատա Շրէյմ երէկ ընդունեց Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրը, որուն հետ քննարկեց յուլիսեան պատերազմի օրերուն ընթացքին տուժածներու թղթածրարները փակելու հեռանկարները:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ եւ մշակոյթի նախարար Ապպաս Մուրթատա յայտնեց, որ խորհրդարանին վստահութեան քուէն ստանալէ ետք, կառավարութեան առաջին քայլը պիտի ըլլայ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ քաղաքական հանդիպումի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք կատարեալ պատասխանատուութեամբ կը գործեն` ազգային եւ իրաւական շահերը պաշտպանելու համար:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրով վարակուածները բուժելու մանրամասնութիւնները:


