Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լռութեամբ Եւ Հաւատարմութեամբ Գործած Գրիգոր Աբրահամեանի Յիշատակին

February 1, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ լիբանանահայ կեանքը, ինչպէս ամբողջ Լիբանանի մէջ, կ՛եռեւեփէր վերջին զարգացումներու լոյսին տակ ստեղծուած նոր իրավիճակով, կուսակցութիւնը իր ամբողջ ուժականութեամբ լծուած էր կացութեան հետ քայլ պահելով օժանդակութեան ձեռք երկարելու լիբանանահայութեան, ցնցող լուր մը հիասթափեցուց մեզ: Մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեր երկարամեայ ընկերը` Գրիգոր Աբրահամեան, որ իր կուսակցական գործունէութեան երկար տարիներուն ընթացքին իր անաղմուկ եւ բծախնդիր գործելաոճով դարձաւ գործը խօսքէն աւելի գերադաս նկատելու եւ ատով առաջնորդուելու լուռ պատգամախօս:

Պատանեկան օրերէն սկսեալ իր կուսակցական գործունէութիւնը անցաւ քանի մը փուլէ: ՀՄԸՄ-ի մէջ գործեց իբրեւ մարզիկ եւ շրջան մըն ալ տարաւ յանձնախմբային աշխատանք: 1975-1990 երկարող լիբանանեան պատերազմի տարիներուն միշտ մնաց պատնէշի վրայ` գործելով ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի իրերայաջորդ կազմերուն մէջ: Մնաց ժողովուրդին հետ, լսեց անոր ցաւերը, ճիգ չխնայեց զանոնք ամոքելու եւ անոնց բեռը թեթեւցնելու, միջամտեց ստեղծուած տարակարծութիւններու հարթեցման եւ հանդարտութեամբ լուծումներ գտաւ բազմաթիւ հարցերու:

Մաս կազմեց թաղային եւ դատական յանձնախումբերու, նաեւ տարաւ կազմակերպական եւ հաշուապահական աշխատանքներ: Իր ստանձնած գործերը կատարեց ակներեւ բծախնդրութեամբ եւ ամենայն խղճմտութեամբ:

Մաս կազմեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին յառաջացուցած յանձնախումբերուն, ուր եւս ջանք չխնայեց լաւագոյնը տալու եւ ծառայելու իր պաշտած կուսակցութեան: Գրիգոր Աբրահամեան գործեց նաեւ ազգային կեանքին մէջ, ծառայեց ազգային վարժարաններուն` սկիզբը իբրեւ հոգաբարձու Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց  վարժարանին, ապա խնամակալ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի: Իրերայաջորդ կազմերու մէջ ներկայութիւն եղաւ եւ ջանք չխնայեց հայկական վարժարաններու գոյատեւման ի խնդիր:

Վերջին 20 տարիներուն մաս կազմեց ՀՅԴ «Աղբալեան», ապա «Մարուխեան» կոմիտէութիւններուն, ուր եւս ստանձնեց պատասխանատու պաշտօններ:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ ընկեր Գրիգոր: Հողը թեթեւ գայ վրադ, յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ:

ՍԳԱԿԻՐ ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Նախորդը

Հաւատքով Ու Զօրութեամբ

Յաջորդը

Միացեալ Եւ Ուժեղ Ընդդիմութեան Հրամայականը

RelatedPosts

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի  2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի  Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը
Անդրադարձ

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

October 9, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

October 9, 2026
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն
Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.