Սուրիական բանակը վերականգնած է Թուրքիոյ եւ Իրաքի հետ սահմանի մեծ մասին վրայ վերահսկողութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Իրավիճակը կը բարելաւուի: Տարածքը, որ կը վերահսկեն ահաբեկիչները, կը շարունակեն կրճատուիլ: Եւ, ի հարկէ, կը շարունակէ ահաբեկչական խմբաւորումներու մնացորդներու վերացման աշխատանքը թէ՛ Իտլիպի գօտիին մէջ, թէ՛ ալ երկրի հիւսիս-արեւելքին մէջ», ըսած է ան ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցերով յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոնի հետ բանակցութիւններէն առաջ:



