Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարաշի Հայրենակցական Միութիւն. Կրթանպաստի Բաշխում` Հայկական Վարժարաններ Յաճախող Մարաշցի Աշակերտներու Եւ Համալսարանական Ուսանողներու

January 25, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 24 յունուարի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած ամէնամեայ կրթանպաստի բաշխման նախաձեռնութիւնը լիբանանահայ վարժարաններ, ինչպէս նաեւ համալսարան յաճախող մարաշցի աշակերտներուն եւ ուսանողներուն: Ներկայ էին աշակերտներ, համալսարանական ուսանողներ, ծնողներ եւ հայրենակիցներ:

Մարաշի հայրենակցական միութեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք միութեան ատենապետ Ժան Մոմճեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, որ աւանդութիւն դարձած է Մարաշի աղէտի ոգեկոչումէն երկու օր առաջ հաւաքուիլ կրթանպաստի բաշխման նախաձեռնութեան եւ յիշել մարաշցի նահատակները, որոնց յիշատակը անթառամ պիտի մնայ:

Անդրադառնալով սոյն հաւաքին` Մոմճեան յայտնեց, որ անոր նպատակն է իրարու հետ ծանօթացումը, եւ միութեան փափաքը եղած է միշտ, որ աշակերտները ներկայ ըլլան սոյն հաւաքին, որպէսզի ծանօթանան իրենց հայրենակցական միութեան, այսինքն` Մարաշի հայրենակցական միութեան, գիտնան աւանդութիւնները պահել, գիտնան, որ իրենց հայրենակիցները Մարաշի մէջ նահատակուած են, որպէսզի մենք գոյատեւենք: «Պէտք է աշակերտները տոգորուին այն գաղափարով, որ իրենք մարաշցիներ են եւ ունին դատ մը, որ պէտք է հետապնդեն», շեշտեց Ժան Մոմճեան` նկատել տալով, որ այս տարի միութեան 100-ամեակն է: Միութիւնը յաւուր պատշաճի նշելու համար այս յոբելեանը սկսած էր պատրաստութիւնները, սակայն Լիբանանի  մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն պատճառով կարգ մը նախաձեռնութիւններ սառեցուած են, այդ պատճառով ալ, նաեւ 100-ամեակին առիթով աշակերտներուն պիտի տրամադրուի կրթանպաստի յաւելեալ գումար: Շարունակելով իր խօսքը` Մոմճեան յայտնեց, որ կրթանպաստ կը ստանան միայն հայկական վարժարան յաճախող մարաշցի աշակերտները, որովհետեւ իրենց համար հիմնական է հայ մնալ, հայեցի դաստիարակութիւն ստանալ, հայութեամբ տոգորուած ապագայ սերունդ ունենալ:

Մոմճեան յիշեցուց ներկաներուն, որ կիրակի, 26 յունուար 2020-ին տեղի պիտի ունենայ Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներուն համար Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, Ս. Փրկիչ եկեղեցի եւ Հայ աւետարանական եկեղեցի` յորդորելով զիրենք, որ անպայման ներկայ գտնուին: «Պարտաւորութիւն եւ պայման է, որ ներկայ գտնուիք, որպէսզի ձեր զաւակները փոքր տարիքէն գիտնան, որ իրենց մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը  կը պատկանին քաղաքի մը, որ կը կոչուի Մարաշ, որ ունեցած  է պատմութիւն, տեսած է ջարդ, պայքար, հերոսներ», շեշտեց Ժան Մոմճեան եւ եզրափակելով իր խօսքը աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք մեր ապագան էք: Դուք մեր երազն էք: Մի՛ մոռնաք Մարաշի հայրենակցական տունը, որ ձեր տունն ու ապագան է: Դուք պէտք է Մարաշի աւանդութիւնները պահէք ձեր տան մէջ»:

Յայտնենք, որ այս տարեշրջանին կրթանպաստ ստացան լիբանանահայ վարժարան յաճախող 235 աշակերտներ եւ 6 համալսարանական ուսանողներ:

 

 

Նախորդը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (17) . Ընկերային Ցանցեր Եւ Ապատեղեկատուութիւն

Յաջորդը

Պոկտանով. «Լիբանանի Կայունութեան Կառչած Կը Մնանք»

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.