«Ազդակ»-ի կայքէջի 10-ամեակին առիթով, երէկ` չորեքշաբթի, 4 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ մամլոյ աշխատակիցներու եւ խմբագիրներու:
Բացման խօսքը արտասանեց Հրակ Աւետանեան, որ նշեց, թէ կայքէջի 10-ամեակի նշումը կարեւոր էր, որովհետեւ իրօք «Ազդակ»-ի կայքէջը ամբողջ հայաշխարհին համար այսօր դարձած է կարեւոր աղբիւր` լրատուութեան եւ հայկական իրադարձութիւններուն հետեւելու իմաստով, նաեւ կամուրջ` Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ:


Ապա «Ազդակ» բացառիկին, անոր պատրաստութեան վերաբերող աշխատանքներուն եւ յատկապէս 2012-ի բացառիկին իւրայատկութեան մասին խօսեցաւ «Ազդակ»-ի 2012-ի բացառիկի խմբագիր Վիգէն Աւագեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս տարի կը զուգադիպի նաեւ «Ազդակ»-ի բացառիկներու 60-ամեակին` նշելով, որ հաւանաբար 60 տարի առաջ այս աշխատանքին ձեռնարկողները չէին պատկերացներ, որ այսքան խրոխտ քայլերով պիտի շարունակուի իրենց ուղին:
Անկէ ետք ներկաները դիտեցին «Ազդակ»-ի կայքէջի 10 տարուան ուղիին եւ գործունէութեան նուիրուած տեսաերիզ մը:
«Ազդակ»-ի կայքէջին երեք տարբեր ձեւափոխումներուն եւ ներկայիս Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ տեղեկատուական կամուրջ հանդիսանալու անոր հանգամանքին անդրադարձաւ օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնողներուն` մասնաւորելով «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի հովանաւորութիւնը:


Այս առիթով իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, որ նշեց, թէ մարտահրաւէրներուն քաջածանօթ ըլլալը կարեւոր է զանոնք դիմագրաւելու համար: Ան «Ազդակ»-ի որդեգրած ուղին ողջունելի նկատեց ու դիտել տուաւ, որ անոր շնորհիւ է, որ իրենց ընկերութիւնը որոշած է հովանաւորել «Ազդակ»-ի կայքէջը: Ռ. Եիրիկեան ըսաւ, թէ լայն հորիզոններ ունենալը, շինիչ քննադատութիւններ կատարելը եւ լայնախոհ ըլլալը շատ կարեւոր հանգամանքներ են` աւելցնելով, որ «Ազդակ» որդեգրած է այդ սկզբունքները:
Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի Համազգայինի երկար տարիներու ատենապետ տոքթ. Մհեր Պապեան եւս խօսք առաւ` հաստատելով, որ «Ազդակ»-ի կայքէջը կարօտախտի լաւագոյն դեղը կը հանդիսանայ աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան համար: Ան դիտել տուաւ, որ «Ազդակ»-ի կայքէջը լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան պատկերը կը ցոլացնէ սփիւռքահայուն համար:


Կիպրոսէն ժամանած, Աստուածաշունչի ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հրայր Ճեպեճեան այս առիթով վեր առաւ այն հանգամանքը, որ տարբեր երկիրներու մէջ գտնուողը «Ազդակ»-ի կայքէջին միանալով ինքզինք հարազատ տան մէջ կը զգայ: Ան ողջունեց «Ազդակ»-ի տարած հսկայ աշխատանքը` ընդգծելով անոր ունեցած համահայկական յատակագիծը, որուն շուրջ կը համախմբուին տարբեր շրջանակներէ անհատներ:
Աւարտին «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»-ի յուշանուէրը յանձնեց «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանին` իբրեւ երախտագիտութիւն մամուլին նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան:


