Աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ եւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր որոշեցին միասնաբար 170 հազար ամերիկեան տոլար յատկացնել` Աւստրալիոյ մէջ շարունակուող հրդեհներուն դէմ դնելու համար:
Հրդեհներու պատճառով, որոնք սկսան նախորդ հոկտեմբերի կիսուն, ցարդ ոչնչացած է 8,5 միլիոն հեկտար անտառ, այրած է շուրջ երեք հազար բնակելի տուն, աւելի քան 6 հազար վարչական եւ տնտեսական շինութիւն եւ որոշ տուեալներով վտանգուած է աւելի քան մէկ միլիառ անասուններու կեանքը:



