Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Քննադատէ «Անատոլուի Բջիջ»-ի Հարցով Թուրքիոյ Կեցուածքը Եւ Իր Մօտ Կը Կանչէ Թուրքիոյ Դեսպանատան Գործավարը

January 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը եգիպտական իշխանութիւններուն կողմէ Գահիրէի մէջ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան դէմ առած «օրինական» քայլերուն նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթի կայքը:

Կայքը կը յիշեցնէ, որ եգիպտական ոստիկանութիւնը չորեքշաբթի օր ներխուժած էր Գահիրէի մէջ ապօրինի կերպով գործող «Անատոլու»-ի գրասենեակ եւ ձերբակալած չորս անձեր, ներառեալ` Թուրքիոյ քաղաքացի մը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած էր այդ քայլը` նշելով, որ ատիկա «կը բացայայտէ եգիպտական վարչակազմին մամուլի ազատութեան նկատմամբ ժխտական մօտեցումը»: Ան քննադատած էր նաեւ Գահիրէի ժողովրդավարութեան բացթողումները: Նախարարութիւնը իր մօտ կանչած էր Անգարայի մէջ Եգիպտոսի դեսպանատան գործավարը եւ պահանջած անմիջապէս ազատ արձակել «Անատոլու»-ի գրասենեակին անձնակազմը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձեց կտրուկ կերպով մերժելով թրքական քննադատութիւնը` շեշտելով, որ «Եգիպտոսի մէջ թրքական ապօրինի ելեկտրոնային լրատուական կոմիտէներու» նկատմամբ օրինական քայլեր առնուած են:

Նախարարութիւնը նշեց, որ գրասենեակը հաստատուած էր արգիլեալ Իսլամ եղբայրներուն կողմէ եւ աջակցութեամբ Թուրքիոյ, որպէսզի «սխալ ու շինծու տեղեկութիւն տարածէ Եգիպտոսի մէջ քաղաքական, տնտեսական, ապահովական ու արդարադատական կացութիւններուն վերաբերեալ եւ տեղական ու միջազգային մակարդակի վրայ աղարտէ Եգիպտոսի վարկը»:

Նախարարութիւնը քննադատեց թրքական ակնարկները` յայտնելով, որ անոնք կատարուած են վարչակարգի մը կողմէ, որ «խօսքի ազատութեան, մամուլի ազատութեան եւ այլ հիմնարար իրաւունքներու ու ազատութիւններու մէջ յոռեգոյն դիրքի մը վրայ կը գտնուի»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը թրքական վարչակարգը ամբաստանեց «շրջանի երկիրներուն մէջ, անոնց ճակատագիրը իր վերահսկողութեան տակ առնելու նպատակով, ծայրայեղական խմբաւորումներ եւ ահաբեկչական միլիսներ ֆինանսաւորելու յանցանքով»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ երէկ յայտարարեց, որ «Անատոլուի բջիջ»-ի ձերբակալման հարցով իր մօտ կանչած է Գահիրէի մէջ թրքական դեսպանատան գործավարը:

 

Նախորդը

Տուման Հաւանութիւն Տուաւ Ռուսիոյ Վարչապետի Պաշտօնին Միշուսթինի Թեկնածութեան

Յաջորդը

«Կը Սկսինք Լիպիա Զօրք Ուղարկել» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.