Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանցիներ Գերմանիոյ Մէջ Վրաստանի, Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Դեսպանատուներուն Առջեւ Ցոյց Կատարելով Կը Պահանջեն Կազմաքանդել Բռնապետ Հայտար Ալիեւի Արձանները

January 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

14 յունուարին Գերմանիոյ մէջ «Եւրոպական ժողովրդավար Ազրպէյճան» ազրպէյճանական կազմակերպութեան անդամները բողոքի ցոյց կատարած են Պերլինի մէջ Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ դեսպանատուներուն առջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Մէյտան.Թի.Վի.» կայքը:

Ցուցարարները նշեալ երկիրներէն պահանջած են կազմաքանդել իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող` «Ազրպէյճանի մէջ բռնապետութեան եւ ընտանեկան իշխանութեան հիմնադիր» Հայտար Ալիեւի արձանները:

Ցուցարարները բարձրացուցած են պաստառներ, որոնց վրայ եղած են Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուած ընդդիմադիր գործիչներու լուսանկարները:

Ցոյցին կազմակերպիչներէն մէկը խօսած է Հայտար Ալիեւի կողմէ ժողովրդավարական արժէքներուն հասցուած վնասներուն մասին, իսկ այլ կազմակերպիչ մը Ուքրանիան մեղադրած է` ազրպէյճանցի գործիչ Էլվին Իսայեւը Ազրպէյճանին արտայանձնելու յանցանքով:

Ցուցարարները յիշած են նաեւ լրագրող Աֆղան Մուխթարլըին, որ առեւանգուած էր Վրաստանի մէջ, տեղափոխուած Ազրպէյճան եւ ներկայիս կը գտնուի բանտը:

Վերյիշելով այս դէպքերը` ցուցարարները նշած են, որ Ուքրանիան եւ Վրաստանը, որոնք կ՛ուզեն Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ, արժանի չեն այդպիսի պատիւի, որովհետեւ կ՛օգնեն Ազրպէյճանի բռնապետական վարչակարգին:

Ցոյցին ժամանակ կոչեր հնչած են քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի բռնապետական վարչակարգին դէմ:

Ցուցարարները Հայտար Ալիեւի արձանները կազմաքանդելու մասին իրենց գրաւոր պահանջը յանձնած են երեք երկիրներու դեսպանատուներու ներկայացուցիչներուն:

Նախորդը

Նեթանիահուի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Փոմփէօ Կը Վերահաստատէ «Իսրայէլի Անվտանգութեան Նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու Անսասան Նուիրուածութիւն»-ը

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Իրաքի Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկել, Եթէ Շարունակէ Ամերիկեան Ուժերու Հեռացման Վրայ Պնդել

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.