Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի. Թրամփի Վարչակազմը 18 Ամիս Ծրագրած Է Սիւլէյմանիի Սպանութիւնը

January 14, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան հարցը Փենթակոնի մէջ քննարկուած է 18 ամիս: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Մէյլ»-ը` մանրամասնելով, որ Միացեալ Նահանգներ նախապէս կազմած էին թիրախներու ցանկը:

Ըստ բրիտանական օրաթերթին, 27 դեկտեմբերին իրաքեան ռազմակայաններէն մէկուն մէջ ամերիկացի զինուորի սպանութենէն ետք, Ուաշինկթըն որոշած է կեանքի կոչել ծրագիրը` իր զինուորին սպանութեան յանցանքով մեղադրելով Իրանը:

Կը նշուի, որ Իրանի մէջ հզօրութեամբ երկրորդ մարդուն` Սիւլէյմանիին հետեւած են քանի մը ամիս: Անոր նկատմամբ ուշադրութիւնը բազմապատկուած է մայիս 2019-էն սկսեալ` Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու սրումին զուգահեռ: Սիւլէյմանին սպաննելու որոշումը տրուած է 3 յունուարին: Այս մասին պատմած են Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն եւ պաշտպանութեան նախարարութենէն տասնեակ պաշտօնատարներ:

Հակառակ անոր որ Թրամփ ընդունած է Սիւլէյմանին սպաննելու տարբերակը, անոր աւագ խորհրդականներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ Փենթակոնի որոշ պաշտօնատարներ ցնցուած են նախագիծին ամէնէն ծայրայեղ տարբերակը ընտրելու փաստէն:

Ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ նախագահ Թրամփ Սիւլէյմանին ահաբեկելու հարցը արծարծած է 2017-ի գարնան, երբ հուսիները Ռիատի դէմ թեւաւոր հրթիռ մը արձակած են:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ օրին պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վարած Ճէյմս Մաթիս այդ ընտրանքին դէմ եղած է:

Նախորդը

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Մերքել Բանակցութիւններ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Չինաստանէն Պահանջած Են Հրաժարիլ Իրանեան Քարիւղէն

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն  Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ  7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

September 26, 2026
Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական  Կեդրոն Մը Հարուածած Է
Միջազգային

Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական Կեդրոն Մը Հարուածած Է

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.