Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 14, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՕԺԵՐՕ»-Ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրայտիէ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ համացանցի դրութիւնը պիտի չխզուի` աւելցնելով, որ լիբանանցիները այդ իմաստով իրենց մտահոգութիւնները պէտք է փարատեն: «Ներկայիս համացանցի չգոյութեան հարցեր չկան, սակայն հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին տագնապը պէտք է լուծուի», ըսաւ ան:

ՄԱԿ-Ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Ամալ Մտալլալի յայտնեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ին ունեցած իր նիւթական պարտաւորութիւնները կատարած է եւ ամէն բան իր բնականոն վիճակին վերադարձած` ՄԱԿ-ի որոշումներուն ընթացքին քուէարկելու իր իրաւունքը պահպանելու առումով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ ընդունեց Մարոնիներու լիկայի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ապի Նասըր հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Թաէֆի համաձայնագիրը չի գործադրուիր, այլ` եռակողմանի համաձայնութիւնը:

ՆԵՐԴՐՈՒՄԻ եւ արհեստագիտութեան պետական նախարարի պաշտօնակատար Ատել Աֆիունի հաստատեց, որ դրամատուները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը եւ անկեղծութեամբ դիմագրաւեն տագնապը` առերեսուելով ժողովուրդին հետ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Թաքիշի Օքոպուի հետ:

Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցի յայտնի գործարար Քարլոս Ղոսընի թղթածրարին վերաբերող զարգացումներ:

ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ Ուալիտ Ապու Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանան միաժամանակ երեք տագնապներ կը դիմագրաւէ: Անոնք են` դրամատնային տագնապը, փտածութեան տագնապն ու նիւթական պարտաւորութիւններու տագնապը: Ապու Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան դրամանիշը իր արժէքը կորսնցուցած է, եւ անպատասխանատուները պէտք է ճակատագրական որոշումներ տան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել հարց տուաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումին մասին: Ան նշեց, որ պէտք է երկրին դիմագրաւած տագնապներուն արագ լուծումներ գտնուին, այլապէս լիբանանցիներուն ընդվզումը անսպասելի պիտի ըլլայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Պասիլ յետս կոչած է մասնագէտներու կառավարութեան զօրակցելու իր պատրաստակամութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Ժըպրան Պասիլ յանձնառու կը մնայ ատակ եւ պարկեշտ նախարարներէ կազմուած կառավարութեան զօրակցելու իր կեցուածքին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ժամանակը հասած է, որ խիղճերը արթննան եւ երկրին փրկութեան արշաւը սկսի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ շեշտեց, որ Հզօր հանրապետութիւն պլոքը վստահութեան քուէ պիտի շնորհէ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան, եթէ անիկա անկախներու եւ մասնագէտներու կառավարութիւն ըլլայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալեն Հաքիմ հաստատեց, որ առանցքներու քաղաքականութեամբ զբաղող կողմերը եթէ շարունակեն իրենց ընթացքը, ապա պատմութիւնը պիտի վկայէ, թէ անոնք էին Լիբանանի գոյացութեան վերջ դնողները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապը իր վատ իրավիճակէն կ՛ուղղուի դէպի վատագոյնը, իսկ երկիրը կը շարունակէ իր բոլոր մարզերով փուլ գալ:

ՎԵՐՏԱՆԻ «Ֆրանսապանք» դրամատան կից ճաշարանի մը մէջ երէկ կէսօրէ ետք արձանագրուեցաւ պայթում մը: Աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ ճաշարանին մէջ պիւթակազի շիշ մը պայթած էր` պատճառելով նիւթական վնասներ:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ Թարիք Ժտիտէ շրջանին մէջ երէկ երեկոյեան հրդեհ մը բռնկեցաւ «Ռիատի» մարզական ակումբին յատուկ համալիրի առաջին յարկին վրայ: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը իսկոյն փութացին դէպքին վայրը եւ հակակշիռի տակ առին հրդեհը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Պքերքէի Մէջ. «Ռայի Պատրիարքին Խօսքերը Ցոյց Կու Տան, Թէ Երկրին Փրկութեան Համար Ի՛նչ Կը Պահանջուի» Շեշտեց Ֆընիանոս

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.