Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քառասունքի Գիր. ՀՄԸՄ-ական Սարգիս Հաճինազարեան

January 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ական եղբայր Սարգիսը կը մարմնաւորէր միեւնոյն ժամանակ լիբանանահայ կեանքի պատմութեան հետ առնչուող, քանի մը բնագաւառներու վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը: Եղած է հեծանիւի մարզիկ եւ երկրորդ սերունդի սկաուտ խմբապետներէն` Պէյրութ մասնաճիւղի երէց փաղանգի խմբապետ (1966-ին) եւ ասպարէզով` այր մարդոց հագուստի, Պէյրութի երբեմնի կեդրոնական շուկաներէն «Սուք Սըրսոք»-ի եւ «Սուք Ալ Էրմէն»-ի (հայկական շուկայ) համբաւաւոր վաճառականներէն մէկը:

Պէյրութ քաղաքին կեդրոնը` իբրեւ դարերու պատմութիւն ունեցող հին վաճառականական քաղաք, իր դիմագիծը կորսնցուց քաղաքացիական պատերազմէն ետք որդեգրուած վերաշինութեան անխոհեմ ու հակամշակութային ծրագիրով: Նախապէս ամբողջ ժողովուրդին պատկանող շուկան, վերածուեցաւ կերպարանափոխուած «մեծահարուստներու» շուկայի, զբօսավայրի եւ բնակավայրի, ու շատերու նման` Սարգիսին խանութը ոչնչացաւ, այսօր դժուար է նոյնիսկ գտնել անոր վայրը: Սարգիսին հետ նաեւ կը կորսուի այդ իւրայատուկ շուկայի աւանդութեան եւ պատմութեան տէր վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը:

Զուարճախօս եղբայր Սարգիսը հազար ու մէկ կատակներով համեմուած պատմութիւններ ունէր այդ շուկայի օրերէն: Հետագային, երբ Պուրճ Համուտի մէջ հաստատեց իր վաճառատունը, իր հին շուկայի տեղացի յաճախորդներէն ոմանք գտած էին զինք, եւ ես ականատես եղայ անոնցմէ մէկուն «մեծաքանակ» գնումին, իմ յաճախակի այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին:

Միշտ կատակասէր` իր բարեւին անպայման կատակ մը եւ դրուագ մը կ՛ընկերանար, ըլլայ միութենական անցեալէն, կամ շուկայէն: Միութենական աշխատանքներու ընթացքին գործը բարդացնողները եւ մանրուքներով զբաղողները չէր հանդուրժեր, իր բազմամեայ փորձառութեան ապաւինելով, յարմարագոյն լուծումը կ՛առաջարկէր` կարճ կապելով օրակարգը: Շատախօսները չէր սիրեր, թէեւ ինքն ալ ըսելիք շատ կ՛ունենար, սակայն ընդհանրապէս` զուարճալի:

Սկաուտի «Մի՛շտ պատրաստ» նշանաբանը իւրացուցած` եղբայր Սարգիսը տարիներու դադարէն ետք, ժամանակ մը սիրով մաս կազմեց իրմէ բաւական կրտսեր անդամներով Շրջանային սկաուտ խորհուրդին` ստանձնելով ՀՄԸՄ-ի  փողերախումբին նաեւ տարազներու ծանր պատասխանատուութիւնը, որ երկու պարագաներուն, կ՛ենթադրէր ժողովի օրէն զատ,  շաբաթը քանի մը անգամ, առանց գանգատի, ներկայ գտնուիլ կեդրոն` «Յ. Տէր Մելքոնեան» շէնքին (առանց վերելակի) եօթներորդ յարկը, նաեւ ընկերանալ փողերախումբի ելոյթներուն, հօր մը նման հոգալով տղոց կարիքները:

Վա՛րձքդ կատար, եղբա՛յր Սարգիս:

30 դեկտեմբեր 2019

Նախորդը

100-ամեակ, 30-ամեակ. Ամանորեան Խոհեր

Յաջորդը

Կոմիտասի 150-ամեակին Նուիրուած Համերգներով Կտանսքը Աւելի Հայացաւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.