Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Խնայե՛նք Սփիւռքին Նոր Վերիվայրումներ

December 31, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Գաղտնիք մը արտայայտած պիտի չըլլանք, եթէ հաստատենք, որ հայկական ներաշխարհը, Հայաստան-սփիւռք կապերը եւ իբրեւ հետեւանք` բոլորիս տրամադրութիւնները անգամ մը եւս խռով վիճակի մէջ են:

Պատեհութիւնը ունեցայ վերջերս Հայաստան այցելելու եւ եռօրեայ կեցութեանս ընթացքին լսեցի թաքսիի շարժավարէն մինչեւ գրադարանի գիտաշխատողին տպաւորութիւնը որ ժողովրդային շարժումին յաջորդող ժամանակաշրջանին մեր հայրենի ձեռքբերումներուն ու բացթողումներուն մասին: Ի սկզբանէ ըսեմ, որ շա՛տ գոհունակներ կային, նաեւ կային դժգոհողներ, եւ թէ ո՛չ մէկ ձեւով այս տպաւորութիւններուն մտքիս մէջ արձագանգելը գիտական հարցախոյզի մը ամենադոյզն տուեալները ունէր: Սակայն հայրենիքով տոգորուած հայ ըլլալով` կ՛ուզես աջէն ու ձախէն տեղեկանալ ու հաստատել, որ մեր հայրենակիցները գոհ են, թէ կը մտածեն իրենց օրապահիկը վաստկիլ Հայաստանի մէջ, որ` ուրախ են ու իրենց ընտանիքներուն ապագան կը պատկերացնեն մեզի մնացած այս բաժին մը,  սակայն անհամեմատօրէն արժէքաւոր հողին վրայ: Ինչպէս ըսուեցաւ, բազմաթիւ գոհունակ ու լաւ տրամադրուած մարդոց հանդիպեցայ եւ հանդիպեցայ անհատներու, որոնք տակա՛ւ կ՛ակնկալէին շա՛տ աւելի առողջ յառաջընթաց մը յեղափոխութենէն 1,5 տարի ետք: Արդէն իսկ հարցախոյզերու արդիւնքներ, մէկը միւսին յաջորդականութեամբ, վերջերս կը հրապարակուին, եւ ա՛յդ մէկը պիտի թողունք մասնագէտներուն, մանաւանդ որ մեր այսօրուան նիւթը այլ բան է:

Մտահոգիչը վերոյիշեալ խռոված ներաշխարհն է` ի տես կացութեան մը, որ սկսած է իմ եւ այլոց մէջ տագնապ յառաջացնել, մանաւանդ երբ ազգովին յիշենք սփիւռք-Հայաստան լարուած կացութիւնը եւ մսխուած ներուժը` Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի 90-ականներու տարիներուն:

Բոլորիդ ծանօթ է այդ օրերուն քաղաքական դրդապատճառներով պայքարի պարունակը, երբ ՀՅԴ-ն արգիլուեցաւ Հայաստանի մէջ, անոր ղեկավարութիւնը արտաքսուեցաւ Հայաստանէն, աւելի՛ն, ուրիշներ բանտարկուեցան, մամուլը դադրեցուեցաւ, համակարգիչներն ու շարժական գոյքերը գրաւուեցան, մէ՛կ խօսքով, ՀՅԴ-ին անգամ մը եւս զլացուեցաւ վերանկախացած Հայաստանին մէջ իր գործը ընել, իր պատմական լուման բերել հայրենակերտման շինարարական ծրագիրին մէջ: Եւ ա՛յս, շուրջ հինգ տարիներու ընթացքին, երբ տուժեցինք մենք` իբրեւ շարքային դաշնակցականներ, երբ տուժեց սփիւռքը` իբրեւ լծակիցը Հայաստանին, տուժեց Հայաստանը ի՛նք, մէ՛կ խօսքով, վնասը հասաւ ո՛ղջ հայութեան:

Շա՛տ բան կայ ըսելիք ու գրուելիք նաեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին յաջորդած երկու նախագահներուն ժամանակաշրջաններուն մասին, անոնց վարած քաղաքականութեան, ընկերային արդարութեանց եւ այլ բացթողումներու, արտագաղթի եւ, ինչու՞ չէ,  այլապէս արձանագրուած յառաջընթացներու վերաբերեալ: Եւ անգա՛մ մը եւս այս գրութեան կիզակէտը այլ տեղ է, որովհետեւ հո՛ս յիշուածը հորիզոնին վրայ իր վտանգաւոր գլուխը ցցող Տէր Պետրոսեանի օրերուն վերադարձի բնազդային մտահոգութիւնս է:

Անշո՛ւշտ որ «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» հասկացողութիւնը դաւանելով` բոլորիս ալ գուրգուրանքի առարկան հայրենի՛քն է, եւ անկախ յամեցող բանավէճերէն` բոլորս ալ թէ՛ տէր կը զգանք Հայաստանին եւ թէ համարատու` անոր առողջ զարգացման: Ուստի այդ ուղղութեամբ մի՛շտ ալ անոր հոգերով տոգորուած կը մնանք: Սակայն, հակառակ ուղղութեամբ, այսինքն` Հայաստանէն սփիւռք, մտահոգութիւնները իրենք զիրենք կը պարտադրեն: Հայրենիքը անտարակոյս որ ունի իր տրամադրելիք նեցուկի բաժինը սփիւռքին, եւ այս մասին բաւականին մելան հոսած է արդէն:

Արդեօք պիտի կարենա՞նք, եւ յատկապէս Հայաստանի նորօրեայ իշխանութիւնները պիտի կամենա՞ն ու կարենա՞ն Փաշինեան- ՀՅԴ լարուածութիւնը սփիւռք փոխադրելու փորձութեան չենթարկուիլ: Արդեօք վերոյիշեալ այս լարուածութեա՞ն հետեւանք է Դաշնակցութիւնը տեսնել «ներսի» եւ «դրսի» միաւորներու պրիսմակով եւ յուսալ, որ ՀՅԴ պառակտուելով` քաղաքական ընդդիմադիր ուժ մը տկարանայ ու ջլատուի: Թէ արդեօք Դաշնակցութիւնը տկարացնելով` սփիւռքը աւելի «հեշտ» լծակից կը դառնա՞յ Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց: Պիտի չուզէի հաւատալ, թէ Դաշնակցութեան տկարացումը նպատակ էր, որպէսզի նսեմացուէր մեր ազգային ուղղուածութիւնը եւ համազգային օրակարգը: Այլապէս, Հայաստանի մերօրեայ իշխանութիւնները երբէ՞նհետաքրքրուած պէտք է եղած ըլլային Դաշնակցութեան ներքին կազմակերպական կարծեցեալ հարցերու շեփորահարողը ըլլալով եւ «դրսի» ու «ներսի» դաշնակցականներու մասին քանի մը անգամ լրատուամիջոցներով արտայայտուելով:

Հոս մտահոգութիւնը ՀՅԴ-ի կուռ կազմակերպական շարքերու յաջող պահպանումը չէ, որովհետետեւ ի հեճուկս իր պատմութեան ընթացքին շարք մը ներքին ցնցումներու (Արսէն Ամիրեանի ձախակողմեան «Երիտասարդ դաշնակցականներ»-էն մինչեւ աջակողմեան Միհրանական շարժումը, 30-ականներու Մարտկոցական շարժումն ու «Տարօնական»-ը, աւելի ուշ բոլորիս յիշատակներուն մէջ 90-ականներու վատահամբաւ ՀՅԴ Վերականգնումի շարժումը եւ այլն), ՀՅԴ-ն` իբրեւ հաւաքականութիւն, յաջողած է,  կարողականութեանց եւ տաղանդի կորուստներ տալով հանդերձ, որոշակիօրէն իր իմաստալից եւ նպատակասլաց ընթացքը պահել ու փաստացի դաշնակցական գործի աւանդով գոյատեւել: Աւելի՛ն. փիւնիկի նման ինքզինքը թարմացնելով` յառաջ ընթանալ ու վերընձիւղուիլ (օրինակներ յիշելու կարիք չկայ հոս): Եւ անշո՛ւշտ որ անցեալի իրագործումներն ու վաստակը անպայմանօրէն լաւագոյն հաւաստիքը չեն ապագայի յաջողութեանց համար: Մենք անոր քա՛ջ կը գիտակցինք` թէ՛ իբրեւ անհատ դաշնակցականներ եւ թէ՛ իբրեւ կազմակերպուած կառոյց:

Արտայայտուած մտահոգութիւնը հոս ա՛յն է, որ հայաստանեան մեր այս լարուածութիւնն ու տագնապը պէտք չէ որ արտահանուին դէպի սփիւռք: Սփիւռքը ապրեցաւ այս աղջամուղջը 90-ական թուականներուն եւ պարտինք խնայել սփիւռքին – եւ Հայաստանին – նոր ցնցումներ, հիասթափութիւններ եւ պատեհութեանց մսխում ու կորուստ:

Ինքնին յարակից հարց է ու շա՛տ կարեւոր (սակայն` այլ գրառումներու նիւթ), թէ որքանո՛վ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Հայաստանի զարգացման դժուարութիւններուն զուգահեռ, սփիւռքը տուժած ու նահանջ արձանագրած է, յա՛տկապէս` այս վերջին 30 տարիներուն ընթացքին:

Արդ, Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ առողջ մթնոլորտ ու փոխադարձ յարգանք ստեղծելը եւ կառուցողական բանականութեամբ առաջնորդուիլը կը պարտադրեն իրենք զիրենք` իբրեւ պարտաւորեցնող հրամայականներ: Իսկ կրկնութեան գնով ըսենք, որ հայաստանեան բեմէն սփիւռք տեղափոխուող որեւէ քայլ անկասկա՛ծ որ  կ՛ունենայ իր քանդիչ դերը մեր միասնական առաքելութեան իրագործման մէջ: Արդ, խնդրե՛նք` սփիւռք խնայել այս «ռաունտ»-ին:

23 դեկտեմբեր  2019, Լոս Անճելըս

Նախորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը` Թիրախ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նոր Տարուան Պատգամը. Մեր Դիմաց` Համահայկական Երեք Առաջնահերթութիւններ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.