Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոհամետ Ֆընէյշ. «Յաջորդ Կառավարութիւնը Կարիք Ունի Քաղաքական Ծածկոյթի»

December 24, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար ՄոհամԵտ Ֆընէյշ Հըզպալլայի կազմակերպած ձեռնարկի մը ընթացքին շեշտեց, որ երկիրը կարիք ունի տեսլական եւ փրկութեան ծրագիր ունեցող կառավարութեան մը, որ ունի ներդաշնակ եւ արդիւնաւէտ կարողութիւններ, որոնք կը գործեն այդ տեսլականին համաձայն եւ նոր ոգիով: Ան ընդգծեց, որ կարելի չէ վերադառնալ անցեալի ոգիին եւ մտածելակերպին, որ կ՛ենթադրէ խանգարել ծրագիրներ եւ պարտաւորութիւններ, քանի որ օգտուող չկայ այդ ծրագիրէն: Ան աւելցուց, որ կարելի չէ շարունակել մրցումներ կատարել ենթակառոյցներու նորոգութեան գծով` իբրեւ հիմք ունենալով, որ այս մրցումը այս կամ այդ կողմին համար է: Ֆընէյշ ընդգծեց, որ երկիրը այլեւս կարողութիւն չունի դիմադրելու մսխումին, եւ աւելցուց, որ կարելի չէ արտաքին օժանդակութիւններ կամ աջակցութիւն ստանալ, եթէ շարունակուին այս քաղաքականութիւնները եւ մտածելակերպը:

Ֆընէյշ հաստատեց, որ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր` իրենք ճիգ պիտի չխնայեն երկիրը տագնապէն դուրս բերելու, եւ պիտի վարուին ամբողջական դրականութեամբ նոր նշանակուած վարչապետին հետ: Ան դիտել տուաւ, որ երկիրը կարիք ունի բոլոր քաղաքական ուժերու արդիւնաւէտ ճիգերուն, յատկապէս որ Լիբանանը ո՛չ անձնակեդրոն, ո՛չ ալ ջնջումի մտածելակերպով կը կառավարուի:

Ֆընէյշ յայտնեց, որ յաջորդ կառավարութիւնը կարիք ունի քաղաքական ծածկոյթի, եւ կոչ ուղղեց լայն մասնակցութեամբ ձեռք երկարելու նոր վարչապետին, որովհետեւ անհրաժեշտ է ազգային պատասխանատուութիւն ցուցաբերել եւ զգալ ժողովուրդին հետ:

Ֆընէյշ ընդգծեց, որ հարցերը լուծելու առաջին քայլը կ՛ըլլայ կառավարութեան կազմութիւնը, որ համագործակցութիւն պէտք է վայելէ, եւ ունենայ զարգացման, տնտեսական, դրամական, ելեւմտական եւ ընկերային ծրագիրներ: Ան նշեց, որ կայ բարեկարգումներու ծրագիր, որ կրնայ որդեգրուիլ, կամ բարեփոխուիլ նոր կառավարութեան կողմէ: Ան կարեւոր նկատեց ժողովուրդի հարցերուն կառավարումը, ինչպէս նաեւ նշեց, որ պէտք չէ երբեք փորձեր ըլլան տկարացնելու համար զսպումի հաւասարութիւնը, որովհետեւ անոր տկարացումը սպառնալիք է Լիբանանի ճակատագիրին համար:

Ֆընէյշ իր խօսքի աւարտին անհրաժեշտ նկատեց թոյլ չտալ որեւէ մէկուն սակարկելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը, եւ սահմաններու եւ հարստութիւններու իրաւունքը: Ան յայտնեց, որ պէտք է ատիկա յստակ ըլլայ նոր կառավարութեան աշխատանքին եւ ծրագիրին մէջ, որ պէտք չէ ըլլայ սակարկութիւն, զիջում մէկ թիզ հողի, եւ քարիւղի, ջուրի, կամ բնական հարստութեան մէկ լիթրի:

Նախորդը

Ժըպրան Պասիլ – Լուիճի Տի Մայօ Հանդիպում

Յաջորդը

Հարիրիի Տեղեկատուական Գրասենեակ. «Քամաթիի Վերագրուող Յայտարարութիւնները Զերծ Են Իրականութենէ»

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.