Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ շաբաթավերջին շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը` հանդիպումներ ունենալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:
Հէյլ այցելեց Պասիլի բնակարանը, ուր քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հէյլ-Պասիլ երկարատեւ` աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առաւելագոյն չափով լաւ գնահատուեցաւ:
Հէյլ այցելեց նաեւ Մեհրապ, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ Ժահժահի հետ` ներկայութեամբ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի իրավիճակն ու շրջանային զարգացումները, որոնց լոյսին տակ Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար տնտեսական զարթօնք ապրիլ առանց անկախ մասնագէտներու կառավարութեան:
Ժահժահ շեշտեց, որ հիմնական մարտահրաւէրը կը կայանայ կառավարութիւն կազմելու իրողութեան մէջ, եւ այդ մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուին այն երեք ասպետները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ վարչապետի նշանակումը:
Հէյլ այցելեց Եարզէ` հանդիպում մը ունենալու համար բանակի հրամանատարին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները` երկու բանակներուն գործակցութեան շրջագիծին մէջ:
Հէյլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի հետ:
Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան:
Հէյլ եւ Ֆըրզլի անհրաժեշտ նկատեցին, որ նորակազմ կառավարութիւնը լիբանանեան ընկերութեան եւ միջազգային ընտանիքին վստահութեան քուէն ստանայ` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները:
Նշենք, որ Հէյլի Լիբանան այցելութեան մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Հէյլ այցելած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ինչպէս նաեւ քաղաքական կարգ մը ուժերու ղեկավարներուն:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հէյլ լիբանանցի պատասխանատուներէն պահանջած է կուսակցական շահերը մէկդի դնել եւ աշխատիլ կառավարութեան կազմութեան ի խնդիր:
«Պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ բարեկարգումներ կատարէ, իսկ բանակն ու ապահովութեան ուժերը պէտք է երաշխաւորեն ցուցարարներուն իրաւունքները եւ անոնց անվտանգութիւնը: Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Լիբանանի ապահովական կայունութեան ու բարգաւաճման», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:



