Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

January 3, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հսկող Արաբական լիկայի դէտերը բաւարար ժամանակ չունին իրենց առաքելութիւնը ամբողջացնելու, ինչպէս նաեւ բաւարար վստահութիւնը չկայ անոնց նկատմամբ կատարելու այդ պարտականութիւնը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի հետ իր տարակարծութիւնները միայն նուազագոյն աշխատավարձի յաւելման թղթածրարին չեն վերաբերիր: Ան դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները աշխուժացնել` Լիբանանի տնտեսական իրավիճակին յարմարող աւելի տրամաբանական լուծումներու յանգելու համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա կոչ ուղղեց, որ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի առաջարկը` պետութեան նիւթական եկամուտը զսպելու առումով, դառնայ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան քննարկելիք թղթածրարներէն մէկը:

ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան խստիւ դատապարտեց Դիմադրութիւնը ապազինելու պահանջները` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան ընտրանքը ռազմավարական է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժոզեֆ Մաալուֆ մերժեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կատարած յայտարարութիւնները Արսալի մասին` աւելցնելով, որ Արսալ հարիւր առ հարիւր լիբանանեան ազգային շրջան մըն է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական անվտանգութիւնը սպառնալիքի տակ կը գտնուի: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ բարեկարգումը կարելի է իրագործել միայն խտրականութեամբ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆարիտ Հապիպ ընդգծեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կատարած յայտարարութիւնները սուրիական բոյր ունին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ երեսփոխան Ասեմ Արաժի ընդգծեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի խօսքերը Արսալը եւ Արսալի ընդմէջէն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը թիրախ կը դարձնեն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք իսրայէլեան որեւէ պատերազմ յեղափոխութիւններ պիտի բռնկեցնէ եւ պիտի սպառնայ Իսրայէլի գոյութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան անդամ Անթուան Ապու Խաթեր այցելեց Արսալ, ուր ցաւ յայտնեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կատարած յայտարարութիւններուն համար` ընդգծելով, որ իրենք կառչած կը մնան Մայրիներու յեղափոխութեան սկզբունքներուն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Օպէյտ յայտնեց, որ երկրին ներկայ իրավիճակը լիբանանցիները դէպի պատերազմ պիտի չառաջնորդէ: Ան աւելցուց, որ ամերիկեան որոշումին վրայ իսրայէլեան յստակ ճնշումներ կը բանեցուին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցին պէտք է քաջալերել իր հայրենիքին մէջ ներդրում կատարելու: Ան աւելցուց, որ լիբանանցին երկրին տնտեսական ամուր հիմքը կը կազմէ:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՍԱՆԱ պետական լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ գրաւուած են զէնքեր եւ թմրեցուցիչ դեղահատեր, որոնք Լիբանանէն դէպի Սուրիա կը մաքսանենգուէին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Սմահա յայտնեց, որ շրջան ժամանող արեւմուտքցի ոեւէ պաշտօնատար կը ստանձնէ առաքելութիւն մը` աւելցնելով, որ նման պարտականութիւններ ստանձնողները լրտեսներ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը հարցաքննութեան պիտի կանչէ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որպէսզի ան Լիբանանի մէջ Քայիտայի գոյութեան մասին իր տեղեկութիւնները փոխանցէ յանձնախումբին եւ լուսաբանէ զայն:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ Լիբանանի պետական պիւտճէի նախագիծին վաւերացումը պիտի ըլլայ բաւական դժուար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մասնակցութեան նախապայմանն է Դիմադրութեան ապազինման հարցին քննարկումը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Քանսօ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ սալաֆական շարժումները բերրի հող կը տրամադրեն Քայիտայի գործունէութեան:

 

 

 

Նախորդը

«ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐԷՆ ՀԵՌԱՑՈՒԱԾ ԵՆ, ՍԱԿԱՅՆ ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՐՁԱԿԱԶԷՆՆԵՐ ԿԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՆԵՊԻԼ ԱՐԱՊԻ

Յաջորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.