Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Հիւսիսային Քորէայի Վերջին Փոձարկումներուն Մասին` «Մենք Ուշադիր Կը Հետեւինք Անոնց» Կ՛ըսէ Թրամփ

December 18, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հիւսիսային Քորէայի հետ լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ յայտարարած է. «Պիտի հիասթափուիմ, եթէ իմանամ, թէ Փիոնկեանկ հիւլէական ծրագիրի ծիրին մէջ աշխատանքներ կը կատարէ»:

«Տը Կարտիըն» կը նշէ, որ Հիւսիսային Քորէան վերջին շրջանին զգալիօրէն կարծր յայտարարութիւններ կը կատարէ` նոյնիսկ խոստանալով Ուաշինկթընի համար «Ս. ծննդեան նուէր» ընել, եթէ Միացեալ Նահանգներ փոխզիջումներ չկատարէ:

«Տեսնենք, ես շատ հիասթափուած պիտի ըլլամ, եթէ ի յայտ գայ, թէ որոշ աշխատանքներ կը կատարուին: Եւ եթէ այդպէս ըլլայ, մենք այդ մասին պիտի մտածենք: Մենք ուշադիր կը հետեւինք անոնց», Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Բրիտանական օրաթերթը կը գրէ, որ Ուաշինկթընի եւ Փիոնկիանկի միջեւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները փետրուարեան վեհաժողովի տապալումէն ի վեր տեղէն չեն շարժած: Հիւսիսային Քորէան յայտարարած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ ընդունելի առաջարկ կատարեն, պիտի սկսի «նոր ձեւով» գործել:

Փիոնկիանկ այս ամսուան ընթացքին շարք մը վիճայարոյց փորձարկումներ կատարեց «Սոհայէ» արձակման կայանին մէջ, որ, ի դէպ, Միացեալ Նահանգներ կը պահանջեն կազմաքանդել: Հիւսիսային Քորէայի պաշտպանական գիտութիւններու ակադեմիան յայտնած էր, որ յաւելեալ «կարեւոր փորձարկում» կատարած է: Նախորդ «կարեւոր փորձարկումը կատարուած էր 7 դեկտեմբերին:

Միացեալ Նահանգներ Հիւսիսային Քորէայէն կը պահանջեն սառեցնել հիւլէական եւ հրթիռային ծրագիրները, սակայն Փիոնկիանկ ունի պահանջներ, որոնց կատարման համար Ուաշինկթընը տակաւին պատրաստ չէ:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր, մեկնաբանելով «Սոհայէ» արձակման կայանին մէջ հիւսիսային քորէացի զինուորներու գործողութիւնները, յայտարարած է, թէ Փիոնկիանկէն բխող հռետորաբանութիւնը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ, եւ Հիւսիսային Քորէան, հաւանաբար, պիտի շարունակէ փորձարկումները:

«Մենք բազմիցս լսած ենք փորձարկումներու վերաբերեալ խօսակցութիւններ: Կը կարծեմ, որ անոնք հաւանաբար պիտի շարունակեն, եթէ չբաւարարուին», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Էսփըր:

Անոր համաձայն, ամերիկեան վարչակազմին ներկայացուցիչները այժմ կը գտնուին այդ շրջանին մէջ եւ հիւսիսային քորէացի գործընկերներու հետ «հանդիպում խնդրած են»: Էսփըր ընդգծած է, որ կողմերը պէտք է «նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ» եւ քննարկեն «քաղաքական լուծումը», որ պիտի յանգեցնէր Քորէական թերակղզիի ապահիւլէականացման:

«Ես կ՛ուզեմ լաւատեսութիւն պահպանել բանակցութիւններուն մէջ յառաջ շարժելու կարելիութեան վերաբերեալ, որովհետեւ այլընտրանքը այնքան ալ դրական չէ», աւելցուցած է Փենթակոնի ղեկավարը:

 

Նախորդը

«Մեզի Համար Ընդունելի Է Ամէն Բան, Բացի Պատերազմէն» Կ՛ըսէ Կախարիա

Յաջորդը

Փաքիստանի Նախկին Նախագահ Մուշարաֆ Մահուան Դատապարտուեցաւ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.