Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիբանանահայութենէն Լիբանանահայութեան

December 18, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր լիբանանահայութիւնը հրաւիրուած է Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախաձեռնած «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» թեման կրող ռատիոթոնին:

Առաջին անգամն է, որ խորհրդարանական խմբակցութիւնը նման նախաձեռնողականութեամբ հանդէս կու գայ: Պլոքի կոչերը, յայտարարութիւնները, անոր անունով կատարուած հանդիպումները ընդհանրապէս եւ հասկնալիօրէն քաղաքական բնոյթ կը կրեն: Օրինաչափ է սակայն ա՛յս իրականութիւնը` ըստ որուն պլոքը մարդասիրական բնոյթի ծրագիր իրականացնելու կը միտի:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի պատմականը կը յուշէ, որ անոր քաղաքական պատկանելիութիւնը ընդգծուած ըլլալով, անիկա ըստ էութեան համայն լիբանանահայութեան համայնքային քաղաքացիական իրաւունքներուն պաշտպանը եղած է` վերածուելով անշրջանցելի քաղաքական գործօնի` լիբանանեան պետական կեանքին մէջ: Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը շարունակէ մնալ վաւերական այն հասցէն, որուն կը դիմէ Լիբանանի պետական ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատար թէ կուսակցութեան կամ քաղաքական ուժի ներկայացուցչութիւն լիբանանահայ համայնքի առնչուած խնդիրներուն շուրջ խորհրդակցելու կամ միջհամայնքային պայմանաւորուածութիւններ կայացնելու համար:

Պլոքին առընթեր կը գործէ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը, որ հիմնականին մէջ լիբանանահայ քաղաքացիներուն պետական ծառայութիւններ կը մատուցէ: Պետական ընթացիկ գործողութեան թղթաբանութենէն մինչեւ դատական հարցերու խորհրդատուութիւն, պետական օրէնքներու մեկնաբանում, հիւանդանոցային, դեղորայքի եւ վերջերս նաեւ ուղղակի սնունդի տրամադրումի ծաւալային աշխատանք իրականացուած է: Այս ծառայութիւններուն վերջին շրջանին ներառուեցան նաեւ ինքնութեան ֆոնտի նկատառելի յատկացումները:

Այս բոլորին նպատակը բնականաբար լիբանանահայութեան ունեցած դերակատարութեան պահպանման, զարգացման եւ բազմոլորտ գործօնի կայացման ուղղուած է: Լիբանանահայութիւնը համոզիչ ձեւով կը շարունակէ  իր համասփիւռքեան եւ համահայկական առաքելութեան վերաբերող աշխատանքները:

Այսօր աննախընթաց մակարդակի վրայ տագնապի մէջ է երկիրը, հասարակութիւնը, ընդ որում` լիբանանահայութիւնը: Նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ փուլերուն նման տարողութեամբ տնտեսական եւ ֆինանսական առումներով ճգնաժամ չէր դիմագրաւած երկիրը: Այս պարագային տնտեսական պատերազմ յայտարարուած է Լիբանանի դէմ, տնտեսական շրջափակման ենթարկուած է ժողովուրդը, որուն իբրեւ անմիջական հետեւանքներ կը տուժեն մեր պարագային համայնքային կառոյցները, հաստատութիւնները, հոգեւոր, ազգային կրթականէն մինչեւ մարզական, եւ մշակութայինէն մինչեւ ընկերային բաժիններ:

Տագնապ յաղթահարելու դիմադրողականութեան հմտութիւն կուտակած է լիբանանահայութիւնը: Նոյնիսկ ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ ան չէ զլացած իր մասնակցութիւնը բերելու հայրենաշինական տարբեր բնոյթի ծրագիրներուն, թէ պատերազմական արհաւիրքի մէջ յայտնուած դրացի երկրի իր հայրենակիցներուն:

Համահայկականութեան եւ այս պարագային նաեւ երախտագիտական երանգներ պարփակող արարք էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի պետութեան կատարած նիւթական աջակցութիւնը, որ ազգային իմաստով բարոյական մեծ նշանակութիւն ունի: Համահայկական կառոյցի եւ երկրորդ հանրապետութեան օժանդակութեան փութալը կարեւորում է այս համայնքի իւրայատկութիւններուն, ունեցած գործնական դերակատարութեան` համահայկական եւ պետականաշինութեան բոլոր հիմնական ծրագիրներուն: Մինչ, տարբեր երկիրներու մեր հայրենակիցները, անոնց շարքին եւ առաջինը նախկին լիբանանահայերը անտարբեր չեն մնար հնչած կոչերուն, կատարուած դիմումներուն. կ՛առնեն նաեւ նախաձեռնութիւններ` թեթեւցնելու համար ծանր բեռը:

Տագնապը կը թուի, որ երկարատեւ է

. տեւողութեան առընթեր վստահաբար կը նախաձեռնուին նաեւ նոր հակաճգնաժամային ծրագիրներ` տիրութիւն ընելու համար մեր կառոյցներուն եւ մեր ազգայիններուն: Անոնցմէ արդէն նկատելի խաւ մը թակած է թշուառութեան եւ ծայրայեղ աղքատութեան դռները:

Այսօր պահն է, որ ներհամայնքային զօրաշարժով լիբանանահայը տէր կանգնի լիբանանահայուն: Իրարօգնութեան ամէնէն նշանակալի փաստը կ՛արձանագրէ այս համայնքը այսօր: Թէ՛ նուիրաբերողը եւ թէ՛ նուիրաբերուողը անոնք են, որոնք տոկացին տասնամեակներու վրայ երկարող դժնդակ պայմաններուն, անոնք են, որոնք մերժեցին հեռանալ այս երկրէն, երբ քանդիչ քամիներ հարուածեցին սփիւռքահայութեան միջնաբերդը, անոնք են, որոնք նախընտրեցին կանգուն պահել այս հնոցը:

Այս համագիտակցութիւնն է, որ իրարօգնութեան պիտի մղէ լիբանանահայութիւնը: Մեր ուժերով մեր կարիքներուն հասնելու այս նախաձեռնութիւնը ապահովաբար պիտի ընդգծէ բազմաթիւներու կողքին այլ կարեւոր անշրջանցելի հանգամանք մը:

Այսօր անպայման լիբանանահայութիւնը պիտի դրսեւորէ ծանրագոյն տագնապին առջեւ չկքելու հաւաքական կամքը: Պիտի արձանագրէ մանաւանդ, որ կը տիրապետէ նաեւ ինքնափրկումի գործողութիւններ կազմակերպելու հմտութեան:

Նախորդը

«Միասնաբար Ուրախացնե՛նք Հայ Ընտանիք Մը». Նուիրաբերումի Հայ Մարդուն Առաքինութիւնը

Յաջորդը

«Հայերէն Գիրերը» Որմազդի Հրապարակում

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.