«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան 17 ճակատումներ` երկու օրերու ընթացքին:
Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց երկու յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Մեմֆիս Կրիզլիզը (127-114) եւ Քլիվլենտ Քաւալիրզը (125-108):
Յաղթական կազմէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ առաջին մրցումին նշանակեց 37 կէտ, մինչ երկրորդին` 29 կէտ:
Այսպիսով, ցարդ միայն երեք պարտութիւն կրած Պաքս արձանագրած է 24 յաղթանակ:
Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց իր 23-րդ յաղթանակը` 113-110 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մայեմի Հիթը: Յաղթական կազմէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 33 կէտ, մինչ Հիթէն Ճիմի Պաթլըր` 23 կէտ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ կատարեց երկու մրցում, առաջինին 130-107 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Օրլանտօ Մեճիքին, մինչ երկրորդին պարտուեցաւ Տիթրոյիթ Փիսթընզէն (115-107):
Յաղթական մրցումին ընթացքին Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 54 կէտ, մինչ պարտուած մրցումին ան նշանակեց 39 կէտ:
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, որ հիւրը եղաւ Մինեսոթա Վուլվզին, արձանագրեց 124-117 արդիւնքով յաղթանակ մը: Փոլ Ճորճ (Քլիփըրզ) նշանակեց 46 կէտ, մինչ Քարլ – Անթոնի Թաունզ (Վուլվզ)` 39 կէտ:
Սակայն, իր կատարած երկրորդ մրցումին, Քլիփըրզ երէկ պարտուեցաւ Շիքակօ Պուլզէն (109-106):




