Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպեցաւ Հոգեւոր Խմբակներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

December 13, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս հանդիպում մը ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր խմբակներու ներկայացուցիչներուն հետ: Մասնակցող խմբակներն էին` Հայ առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը (Կեդրոն), Հայ եկեղեցասէր հոգեւոր միութիւնը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եղբայրակցութիւնը եւ «Լուսաւորչի կանթեղ» համայնքը:

Հանդիպման սկիզբը Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց սրբազան հօր այս հրաւէրին համար եւ ներկայացուց հոգեւոր խմբակներու գործունէութիւնը:

Այս առիթով Նարեկ արքեպիսկոպոս հաստատեց, որ հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջութիւնն է` համախմբուած Քրիստոսի անունով եւ Աստուծոյ առաքելութիւնը ապրելու ու տարածելու կոչումով: Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց գործող հոգեւոր խմբակներուն կապուածութիւնը հայ եկեղեցւոյ` շեշտելով, որ գործակցութեամբ եւ միացեալ ճիգերով մեր հայ քրիստոնէական հաւատքը կ՛ամրապնդուի եւ ազգանուէր աշխատանքները առաւել եւս կ՛արդիւնաւորուին:

Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը հոգեւոր խմբակներու խորհրդատու նշանակած է` անհրաժեշտ համակարգումները կատարելու համար: Նարեկ արքեպիսկոպոս նշեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի այցելէ հոգեւոր խմբակներու աղօթավայրերը` մօտէն ծանօթանալու իւրաքանչիւր խմբակի գործունէութեան:

Սրբազան հայրը լսեց հոգեւոր խմբակներու ներկայացուցիչներուն մտահոգութիւններն ու առաջարկները` հաստատելով, որ յառաջիկային նմանօրինակ հանդիպումներ տարբեր առիթներով եւս պիտի կրկնուին:

Ներկաները որոշեցին առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեամբ կանոնաւոր յաճախականութեամբ հաւաքական աղօթքի պահեր ունենալ եկեղեցիներուն մէջ եւ 2020-ի ամառը միօրեայ համագումար կազմակերպել` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հռչակած «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարուան» նիւթին շուրջ:

Հանդիպումը փակուեցաւ «Տէրունական աղօթք»-ով:

Նախորդը

Թիւ 150 Բանաձեւին Որդեգրման Լոյսին Տակ. «Նպատակս Տկարութիւն Չի Ճանչնար»

Յաջորդը

Չաքըճեան Եղբայրներու Հարց

RelatedPosts

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գաղութային

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 22, 2026
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը

October 22, 2026
«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ
Գաղութային

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.