Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Պէտք չէ փտածութեան յանցանքները ընդհանրացնել եւ ամբողջ դատական իշխանութեան ու դատաւորներուն վերագրել զայն»:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ երէկ Կեդրոնական դրամատան ղրկեց առանց արտօնագիրի գործող լումայափոխներու անուանացանկ մը: Միւս կողմէ, Խալիլ 2019-ի պետական ամավարկի պահեստի գումարէն 20 միլիառ լ. ոսկիի փոխանցում մը կատարեց ընկերային հարցերու նախարարութեան` օժանդակելու համար ամէնէն համեստ ընտանիքներուն:

ՀԶՕՐ Լիբանան պլոքի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ եթէ հոգեւորականներն ու քաղաքական անձնաւորութիւնները իրենց ստանձնած աշխատանքները լաւապէս կատարած ըլլային, ապա այս աստիճանի չէր հասներ երկրին վիճակը:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց կազմելու ընդդիմութեան լայն ճակատ մը, որ քաղաքական նոր հաւասարակշռութիւն կրնայ պարտադրել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը նախանցեալ օր լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ որդեգրեց ապահովական միջոցառումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալեց 24 լիբանանցիներ, ինչպէս նաեւ տարբեր քաղաքացիութիւններէ 93 ուրիշներ, որոնք տարբեր յանցանքներ գործած էին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի նախագահ Ռամի Ռայեսը նշանակեց իր խորհրդատուն: Ռայեսին փոխարէն Սալեհ Հատիֆէն դարձաւ տեղեկատուական գրասենեակի նախագահ:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Ֆրանսիսքոս Ֆարոսը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդի ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան կոչ ուղղեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին յետս կոչելու իր կատարած նախանցեալ օրուան յայտարարութիւնը` անիրաւութեան վերջ տալու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան յանձնառու մնալու համար:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը փտածութեամբ ամբաստանելու քայլերը անարդար են: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլա յանձնառու է, որ Լիբանանի փրկութեան համար կազմուելիք կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմուի:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքը կը ծառայէ Լիբանանը պահելու անկախ եւ գերիշխան երկիր մը:

 

Նախորդը

«Մեր Դժուարութիւններուն Մասին Հաւաքաբար Պիտի Խօսինք. Այս Օրերուն Իսկապէս Մէջտեղ Կու Գայ Ազգային Յանձնառու Մարդուն Վիճակը» Հաստատեց Հյդ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

Պուսթանի. «Լիբանանեան Պետութիւնը Պիտի Սկսի Լիբանանեան Դրամանիշով Վառելանիւթ Ներածել»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.