Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Ապրանքներու Միլիառաւոր Տուրքերով Կը Սպառնան Ֆրանսային

December 4, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսան խտրական քաղաքականութիւն կը վարէ Միացեալ Նահանգներու թուային ընկերութիւններուն դէմ, ատոր ի պատասխան Միացեալ Նահանգներ կրնան մինչեւ 100 առ հարիւրի տուրքով մինչեւ 2,4 միլիառ տոլարի տուրքեր հաստատել ֆրանսական ապրանքներու վրայ: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու առեւտրական ներկայացուցիչի զեկուցումին մէջ:

Յուլիսի կէսերուն Ֆրանսայի խորհրդարանը որդեգրած էր օրէնք` տուրքեր հաստատելու ամերիկեան մեծ թուային ընկերութիւններու դէմ, ինչպիսիք են` «Ամազոն»-ը, Դիմատետրը, «Ափըլ»-ը եւ «Կուկըլ»-ը: Այդ օրէնքը խիստ քննադատութիւն յառաջացուցած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ իբրեւ պատասխան միջոց կրնայ տուրք հաստատել ֆրանսական գինիին վրայ:

Միացեալ Նահանգներու առեւտրական ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ աւարտած է հետաքննութեան առաջին մասը ֆրանսական թուային հարկին վերաբերեալ, եւ յանգած այն եզրակացութեան, որ ատիկա «խտրական է Միացեալ Նահանգներու ընկերութիւններուն նկատմամբ»:

Ֆրանսայի տնտեսութեան նախարար Պրիւնօ Լը Մեր խոստացաւ ուժեղ կերպով հակադարձել ամերիկեան պատժամիջոցներուն` նշելով. «Ֆրանսական արտադրութիւններուն վրայ տուրքեր հաստատելու ամերիկեան սպառնալիքը անընդունելի է»:

Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին սպառնաց «միացեալ» կերպով հակադարձել, եթէ Միացեալ Նահանգներ ֆրանսական արտադրութիւններուն վրայ տուրքեր հաստատեն:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Արաբական Հակաթրքական Պատմական Ֆիլմաշարը Մեծ Աղմուկ Բարձրացուցած Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.