Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Ջնջեց Թալեպաններու Հետ Բանակցութիւնները

September 9, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չեղեալ յայտարարեց Թալեպան շարժումի ղեկավարներուն եւ Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանիի հետ երէկ նախատեսուած հանդիպումները, ինչպէս նաեւ մերժեց մասնակցիլ Աֆղանիստանի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններուն` Քապուլի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններէ ետք, որոնց պատճառով արձանագրուած է 12 զոհ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Թալեպաններու ղեկավարները բոլորէն գաղտնի մտադիր էին հանդիպիլ հետս: Հանդիպում նախատեսուած էր նաեւ Աֆղանիստանի նախագահին հետ: Անոնք Միացեալ Նահանգներ եկած են երեկոյեան, սակայն Քապուլի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն ետք, որուն ընթացքին զոհուեցան մեր հզօր զինուորներէն մէկը եւ 11 այլ մարդիկ, կը հրաժարիմ խաղաղ բանակցութիւններէն եւ կը  ջնջեմ հանդիպումները», ըսած է Թրամփ:

Թալեպան շարժումը յայտարարեց, որ Թրամփի որոշումը պիտի յանգեցնէ «յաւելեալ ամերիկացիներու կեանքերու եւ ամերիկեան ներուժի կորուստին»:

Թալեպան շարժումի բանբեր Զապիհալլա Մուժահետ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ամերիկացիները բանակցութիւններու չեղեալ յայտարարման համար որեւէ այլ կողմէ աւելի պիտի տառապին»:

«Բանակցութիւնները մինչեւ շաբաթ օր հեզասահ կերպով տեղի պիտի ունենային, եւ երկու կողմերը 23 սեպտեմբերին աֆղաններուն միջեւ բանակցութիւններ կատարելու շուրջ համաձայնեցան», նշեց ան:

Աֆղանիստանի նախագահութեան բանբերը իր կարգին «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Թալեպան շարժումը Քաթարի հրամանով կը սպաննէ աֆղան ժողովուրդը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Պէտք չէ իր վատ վարմունքին համար վարձատրել Թալեպան շարժումը»:

«Աֆղանիստանի մէջ պիտի չմասնակցինք խաղաղութեան որեւէ համաձայնութեան` առանց աֆղանական կողմերէն կարեւոր յանձնառութիւններ ստանալու», ընդգծեց ան:

Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթըն բանակցութիւնները շարունակելու համար Թալեպան շարժումէն կ՛ուզէ «լուրջ յանձնառութիւն մը», եւ նշեց, որ իր երկիրը Աֆղանիստանի մէջ իր ուժերուն թիւը պիտի նուազեցնէ, միայն եթէ որոշ պայմաններ կատարուին:

Նախորդը

Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ «35` 35-ի Դիմաց» Ձեւաչափով Գերիներու Փոխանակում

Յաջորդը

Թուրքիա Ամերիկեան Բանակին Հետ Եփրատի Արեւելեան Ափին Վրայ Միացեալ Պարեկային Ծառայութեան Սկիզբը Յայտարարեց

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.