Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն 3,6 Միլիառ Տոլար Կը Յատկացնէ Մեքսիքայի Հետ Սահմանին Պատի Կառուցման

September 5, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը 3,6 միլիառ տոլար յատկացուցած է Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ պատի կառուցման համար: Ասոր վերաբերող հրամանը ստորագրած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըրը:

«Մեքսիքայի հետ միջազգային սահմանի երկայնքին 3,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ պատի կառուցման 11 նախագիծերը կը միտին աջակցիլ ազգային անվտանգութեան նպատակներուն իրագործման համար ռազմական ուժերու օգտագործման», յայտնած է նախարարը:

Նախարարութեան բանբեր Ճանըսըն Հոֆմըն յայտարարեց. «Փենթակոնը, նախագահ Տանըլտ Թրամփի պահանջով, 3,6 միլիառ տոլար յատկացուց ֆինանսաւորելու համար Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ 280 քիլոմեթր երկարութեամբ պատը»:

«Փենթակոն այդ գումարի ապահովման համար որոշեց յետաձգել Միացեալ Նահանգներու եւ արտասահմանի մէջ զինուորական շէնքերու կառուցման ու վերանորոգման նպատակով նախատեսուած 127 ծրագիրներ, որոնց համար 2019-ի պիւտճէին մէջ գումարներ յատկացուած էր», աւելցուց ան:

Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ պատի կառուցումը Թրամփի նախընտրական խոստումներէն մէկն էր: 2019-ի սկիզբը, մէկ ամիս տեւած պիւտճէական ճգնաժամէն ետք, Թրամփ ստիպուեցաւ զիջիլ Քոնկրեսին, որ պատի կառուցման համար պահանջուած գումարը չէր յատկացներ:

 

 

Նախորդը

Փենթակոնի Նախկին Ղեկավարը Փաքիստանը Կը Նկատէ Աշխարհի Ամէնէն Վտանգաւոր Երկիրը

Յաջորդը

40 Հազար Սուրիացի Գաղթականներ Վտարուած Են Պոլիսէն

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն  Վրայ Յարձակումներ
Միջազգային

Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն Վրայ Յարձակումներ

October 9, 2026
ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող  Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»
Միջազգային

ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.