Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՅՆ ՀԵԼՈՒԷ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ իր թաքստոցը հաստատած աւագ յանցագործ` եգիպտացի Ֆատի Ա. (ծանօթ իբրեւ Ապու Խաթապ) երէկ անձնատուր եղաւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի 20 սեպտեմբեր 2019-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ֆրանսա` հանդիպում ունենալու հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն դեսպան Վասիլի Նիպինզիա հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը անհրաժեշտ է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէ, հաստատեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ պատասխանատու է երկրին տնտեսական տագնապին:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք յայտնեց, որ Սայտայի կառավարական հիւանդանոցին հարցը լուծուած է, իսկ պաշտօնեաները իրենց իրաւունքները պիտի ստանան յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին:

ԱՇՈՒՐԱՅԻ տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները երեքշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2019-ին փակ պիտի մնան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն` չպահուըտելու այն պատճառաբանութեան ետին, թէ պետական գանձարկղը դատարկ է, որովհետեւ այդ գանձարկղին գումարները անոնք իրենց գրպաններուն մէջ պարպեցին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարց տուաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որ արդեօք անոնք նախապէս տեղեակ պահուա՞ծ էին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Ապահովութեան թիւ 1701 բանաձեւը ջնջելու որոշումին մասին: Եւ արդեօք անոնք համաձա՞յն են ատոր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ Ազատագրում ու բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի դրուատեցին իսրայէլեան բռնարարքին վերաբերող Լիբանանի որդեգրած պաշտօնական միացեալ կեցուածքը, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին ինքնապաշտպանութեան Լիբանանի իրաւունքը:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին հարցերու պետական նախարար Նուր Մոհամետ Քըրքաշի հետ: Քըրքաշ հաստատեց, որ Ա. Մ. Էմիրութիւններ յանձնառու կը մնան Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ուղղուեցաւ Պաղտատ` մասնակցելու Ասիական խորհրդարանական միութեան նիստերուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա շեշտեց, որ Թրիփոլի ունի տնտեսական հսկայական պաշարներ, զորս կարելի է օգտագործել: Ան մաղթեց, որ Պաապտայի հանդիպումը ըլլար առիթ մը` քննարկելու լիբանանցիներուն տառապանքները:

ՊԱԱԼՊԵՔԻ նահանգապետ Պաշիր Խտըր կոչ ուղղեց խորհրդարանին` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վաւերացնելու հնդկական կանեփի ցանքը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Դիմադրութեան ընդդիմադիր եղող քաղաքական ուժերը թող այցելեն Աուքար եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն խնդրեն, որ լիբանանեան բանակը օժտէ «Քորնեթ» տիպի հրթիռներով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ճորճ Պըրկիլինը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ իսրայէլացիները պէտք է ըմբռնեն, որ Դիմադրութեան համար ընդհարումի կանոններուն փոփոխութիւնը անկարելի է` ի՛նչ ալ ըլլան սպառնալիքները:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Դրուատեց Պաապտայի Տնտեսական Հանդիպումը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.