Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ. «Օսմանեան Բռնատիրութեան Մասին Նախագահ Աունի Յայտարարութիւնները Պատմական Ճշմարտութիւններ Են»

September 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր  ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` քաղաքական թէ ապահովական:

Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ Հիժրայի տարուան առիթով շնորհաւորած է միւֆթի Տըրիանը եւ անոր փոխանցած իր բարեմաղթութիւնները:

Պու Սաապ բարձր գնահատեց հանրապետութեան միւֆթիին ազգային կեցուածքները, յատկապէս` Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն վերաբերող:

Ան նշեց նաեւ, որ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած է նախանցեալ օր Պաապտայի մէջ գումարուած տնտեսական-ելեւմտական երկխօսութեան արդիւնքները` ընդգծելով անոնց գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Պու Սաապ նշեց, որ իսրայէլեան նոր բռնարարքներու կամ անօդաչու թռչող սարքերով գործուելիք ոտնձգութիւններու պարագային, լիբանանեան բանակը պիտի գործադրէ իրեն տրուած հրահանգները:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած յայտարարութիւններուն գծով թրքական կողմին արտայայտած մերժումին մասին լրագրողներուն ուղղած հարցումին պատասխանելով` Պու Սաապ շեշտեց, որ այդ հարցը քննարկած է միւֆթի Տըրիանի հետ եւ թրքական կեցուածքը իրենց համար քննելի չէ:

«Օրին Լիբանանի մէջ Օսմանեան կայսրութիւնը իր բռնատիրութիւնը բանեցուցած է: Արձանագրուած են գործողութիւններ, որոնց ընթացքին սպաննուած եւ մահապատիժի ենթարկուած են մեծ թիւով լիբանանցիներ: Այս բոլորը իրականութիւններ են, որոնք կարելի չէ պահել, եւ այս բոլորին մասին պատմութիւնը կը վկայէ: Մենք եւ արաբական շարք մը երկիրներ նոյն կեցուածքը ունինք` արաբական երկիրներուն պարտադրուած Օսմանեան բռնատիրութեան մասին: Նախագահ Աունի կատարած յայտարարութիւնները` Օսմանեան բռնատիրութեան վերաբերող, պատմական ճշմարտութիւններ են, որոնցմէ ոչ ոք կրնայ խուսափիլ», ընդգծեց Պու Սաապ:

 

 

Նախորդը

Տիւքան. «2020-ի Պետական Ամավարկը Պէտք Է Վաւերացնել Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին»

Յաջորդը

Պըրրի Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.