Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի Մասնաճիւղի Առաջին Բանակումի Փակում

August 29, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ասկերանի շրջանի Պատարա համայնքի տարածքին մէջ կազմակերպուած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի առաջին բանակումը 27 օգոստոսին աւարտեցաւ:

Փակման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Արթուր Մոսիեան, Սերկէյ Շահվերդեան, Վահագն Դադայեան, ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետ Վրէժ Ասմարեան, բանակումի մասնակիցներուն ծնողներն ու հարազատները:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, թէ բանակումը Պատարա գիւղին մէջ կայացնելը պարզ զուգադիպութիւն չէ, արդարեւ, հոն գտնուող Լեսնոյ գիւղը ազատագրուած այն գիւղերէն է, որուն ազատագրութեան մասնակցած են սփիւռքէն եւ Հայաստանէն ՀՄԸՄ-ականներ:

«Այս բանակումը բոլորին կողմէ նոյն ձեւով կը մեկնաբանուի` կազմակերպուած փոքր բանակ: ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի առաջին բանակումով կը դրուի սկիզբ մը, որ ետդարձ չունի», շեշտեց Իշխանեան:

Վրէժ Ասմարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բանակումի իրականացման օժանդակած անձերուն` նշելով, որ այդ բանակումով գրուեցան Արցախի ՀՄԸՄ-ի 111-րդ մասնաճիւղի պատմութեան առաջին էջերը:

ՀՄԸՄ-ի 111-րդ մասնաճիւղի աշխատանքները հունաւորելու նպատակով Լիբանանէն Արցախ գործուղուած Նարեկ Հաննէեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի համար Արցախի մէջ մասնաճիւղի հիմնումին ունեցած կարեւորութեան: «Բանակումին մասնակից Արցախի պատանիները արդարացուցին մեր սպասումներն ու յոյսերը: Ես վստահ եմ, որ քանի մը տարի ետք Արցախի մասնաճիւղը ՀՄԸՄ-ի ամէնէն հզօր մասնաճիւղերէն մէկը պիտի ըլլայ», շեշտեց ան:

Փակման արարողութեան ընթացքին բանակումի մասնակիցներուն յանձնուեցան հաստատագիրներ:

 

 

Նախորդը

Տիգրան Խաչատրեան. «Կառավարութեան Նպատակն Է Բացառել Փտածութեան Որեւէ Դրսեւորում Պետական-Մասնաւոր Յարաբերութեան Մէջ»

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեան Մասնակցեցաւ Միջազգային Գիտաժողովի Բացման Հանդիսութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանեան Ուղերձներ`  Սպառնական-Գործակցային Ոճով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գործակցային Ոճով

November 13, 2026
Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը  Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը
Հայկական

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.