Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնած է, թէ ո՛ր պայմանի կատարման պարագային Ռուսիան կրնայ վերադառնալ Եօթներու խմբակի կազմ: Ռուսական «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին ան յայտարարած է Եօթներու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նիւթի քննարկման ժամանակ:
«Ես Գերմանիոյ անունով յստակօրէն հասկցուցի, թէ մենք մինսքեան հոլովոյթի կեանքի կոչման հարցին մէջ յառաջընթացի կարիք ունինք», ըսած է Մերքել:
Անոր համաձայն, անհրաժեշտ է ճիշդ այդ համաձայնութիւններու կատարումը Ռուսիոյ` Եօթներու խմբակի կազմ վերադարձի մասին խօսելու համար:
Մերքել ընդգծած է, որ Գերմանիոյ դիրքորոշման հետ համաձայն եղած են Եօթներու խմբակի անդամ այլ երկիրներ:
Մինսքեան արձանագրութիւնը ստորագրուած է 5 սեպտեմբեր 2014-ին Մինսքի մէջ եւ կը նախատեսէ զինադադար Տոնեցքի եւ Լուկանսքի մարզերու տարածքներուն մէջ, որոնք Ուքրանիան կը նկատեն իրենց տարածքները, իսկ այդ շրջանները հռչակած են իրենց անկախութիւնը:
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Եօթներու խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն հետ վիճած է Ռուսիոյ պատճառով:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը Ֆրանսայի Պէարից քաղաքին մէջ Եօթներու խմբակի ժողովի ընթացքին վիճած է իր գործընկերներուն հետ` պնդելով, որ Ռուսիան պէտք է վերադառնայ Եօթներու խմբակի կազմ` մերժելով իր այդ պահանջին դէմ արտայայտուած ղեկավարներու փաստարկները:
Աղբիւրին հաղորդումով` տարակարծութիւնները մասնաւորաբար սրած են շաբաթ երեկոյեան` Պէարից քաղաքի 19-րդ դարուն կառուցուած փարոսին մօտ տեղի ունեցած ընթրիքի ընթացքին: Երեկոյի ընթացքին Թրամփ պնդած է, որ Ռուսիան պէտք է վերադառնայ Եօթներու խմբակի կազմ:
Ըստ բրիտանական օրաթերթին, սեղանի շուրջ նստած Եօթներու խմբակի բոլոր ղեկավարներէն Թրամփի գաղափարին աջակցութիւն յայտնած է միայն Իտալիոյ վարչապետ Ճուզեփփէ Քոնթէն:
Ըստ հաղորդումին, Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէն չէզոք դիրք պահպանած է: Միւսները` Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը, Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Տոնալտ Թուսքը վճռականօրէն դէմ արտայայտուած են Ռուսիոյ` Եօթներու խմբակ վերադարձին:
«Այս պահուս իրավիճակը, մեղմ ըսելով, սկսաւ թէժանալ», ըսած է եւրոպացի դիւանագէտ մը:
«Ղեկավարներու մեծ մասը կը պնդէր, որ Եօթներու խմբակը մնայ ընտանիք, ակումբ, ազատական ժողովրդավարութիւններու համայնք, եւ այդ պատճառով անոնք անոր (Թրամփին, «Ա.») յայտնեցին, որ չեն կրնար նախագահ Փութինին, որուն բնորոշ չէ այդ ամէնը, արտօնել վերադառնալ», աւելցուցած է օրաթերթի զրուցակիցը:
Եւրոպացի դիւանագէտին համաձայն, այդ փաստարկները Թրամփի համար համոզիչ չեն եղած:
Եւրոպացի դիւանագէտը նաեւ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը պնդած է, թէ «Իրանի, Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Քորէայի հարցերու քննարկման համար անհրաժեշտ է Ռուսիոյ ներկայութիւնը»:
«Տը Կարտիըն»-ի հաղորդումով, ընթրիքէն ետք ծրագրուած էր Եօթներու խմբակի բոլոր ղեկավարներու խմբային լուսանկարը փարոսին մօտ, սակայն ատիկա անսպասելիօրէն ջնջուած է: Անակնկալ ջնջման պատճառը չէ նշուած: Փոխարէնը այլ լուսանկար մը առնուած է` աւելի ընդլայնուած կազմով` Հնդկաստանէն, Աւստրալիայէն, Սպանիայէն, Հարաւային Ափրիկէէն եւ ափրիկեան շարք մը այլ երկիրներէ հրաւիրուած ղեկավարներու մասնակցութեամբ:
Ժիրինովսքի. «Ռուսիան Եօթներու Խմբակի Կազմ Կրնայ Վերադառնալ Միայն Տիրոջ Կարգավիճակով»
Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, Տումայի անդամ Վլատիմիր Ժիրինովսքի նշած է այն պահանջները, որ Ռուսիան պէտք է ներկայացնէ Եօթներու խմբակ իր վերադարձին համար:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ըստ Ժիրինովսքիի, Եօթներու խմբակ վերադառնալու պահուն արդէն Ռուսիան կրնայ դառնալ ատոր «տէրը»:
«Եօթներու խմբակը արդէն կիսով չափով կազմուած է նախկիններէ` Մերքելը շուտով պիտի հեռանայ Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնէն, Իտալիոյ վարչապետ Քոնթէն արդէն հեռացած է: Թրամփն ալ կրնայ մօտիկ ապագային հեռանալ: Այդ իսկ պատճառով Ռուսիան կրնայ այդ ակումբ վերադառնալ, սակայն միայն տիրոջ կարգավիճակով», «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Ժիրինովսքի:
Բացի անկէ, անոր կարծիքով` անհրաժեշտ է խմբակի այլ անդամներէն պահանջել դադրեցնել սպառնալիքներ ու լարուածութիւն ստեղծելը Ռուսիոյ շուրջ:



