Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու` պատասխանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` իր հասցէին կատարած ամբաստանութիւններուն, սպառնաց «շատերուն երեսը սեւցնող» գաղտնիքներ բացայայտել:
Տաւութօղլու Սաքարիա քաղաքին մէջ հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց. «Շատեր պիտի ամչնան մարդոց երեսը նայելու, եթէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի տետրակները բացուին, բազմաթիւ երեսներ պիտի սեւնան»:
Ան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադրութեան 18-ամեակին առիթով յայտնեց, որ բոլորը մօտ օրէն պիտի իմանան, «թէ 7 յունիսէն 1 նոյեմբեր 2015 երկարող ժամանակահատուածը կը նկատուի Թուրքիոյ պատմութեան մէջ քաղաքական ամէնէն վտանգաւոր ու դժուար ժամանակահատուածներէն մէկը»:
Տաւութօղլու, որ կը պատրաստուի Թուրքիոյ տնտեսութեան նախկին նախարար Ալի Պապաջանի հետ նոր կուսակցութիւն հիմնելու, անդրադառնալով իրենց ուղղուած ամբաստանութիւններուն, ըսաւ. «Այս երկրին վարչապետի պաշտօնը ստանձնեցի եւ այդ պաշտօնին հասայ ընտրութիւններու ճամբով: Ոչ ոք կրնայ իմ մասիս դաւաճան ըսել… կը յիշեմ զիս նախորդած բոլոր վարչապետները, անոնցմէ ոչ ոք եւս դաւաճան էր, նոյնիսկ եթէ անոնց դաւաճան անունը տրուած է»:
Անդրադառնալով Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադրութեան հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուած տեսերիզէն իր նկարներու ջնջման` Տաւութօղլու ըսաւ. «Եթէ շարժում մը սկսի իր պատմութիւնը ջնջել, ապա կը նշանակէ, թէ իր ձեռքով ինքզինք կը մաքրագործէ»:



