Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը` Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործած բռնարարքներուն լոյսին տակ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Իան Ուալթմանս: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պըրրիի հետ եւ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին` դատապարտելով անոր դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները:
Պըրրի. «Տնտեսական Տագնապի Լուծման Իմաստով Գնդակը Տակաւին Մեր Դաշտին Մէջ Կը Գտնուի»
Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի կացութիւնը զգայուն է` աւելցնելով, որ հասած են այնպիսի պահու մը, որուն ընթացքին պէտք է վճռական որոշումներ տրուին:
«Անկախ «Սթենտըրտ էնտ փուրզ» եւ «Ֆիչ» գործակալութիւններուն Լիբանանին տուած վարկանիշներէն, երկրին տնտեսական տագնապին լուծման իմաստով գնդակը տակաւին մեր դաշտին մէջ կը գտնուի, եւ մենք կրնանք անմիջական լուծումներ ընծայել անոր: Հետեւաբար կարեւոր է, որ Լիբանան տնտեսական արտակարգ իրավիճակ յայտարարէ եւ փրկութեան ծրագիր մշակէ», շեշտեց Պըրրի:
Պըրրի հաստատեց նաեւ, որ իր եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ կատարուած են խորհրդակցութիւններ, որոնց լոյսին տակ երկրին քաղաքական ուժերուն պետերը հրաւիրուած են Պաապտա` քննարկելու համար երկրին տնտեսական կացութեան վերաբերող հարցերը:
Պըրրի ընդգծեց, որ այդ հանդիպումը պիտի ըլլայ տնտեսական կացութեան վերաբերող ազգային երկխօսութեան նիստ մը, որուն արդիւնքները պէտք է դրսեւորուին 2020-ի պետական ամավարկին մէջ:
«Կարեւորագոյնը երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւումն է», ըսաւ ան:



