Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուսաստուեր Տողեր (1) (Պատմուածք)

August 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՑՕՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

Երեւանեան տօթը կիզիչ է, նոյնիսկ` առաւօտեան ժամերուն: Հանրակառքի երկար պտոյտէն ետք, վերջապէս հասած էի Էրեբունիէն Կասկատ, գոգնոցս կապած էի եւ անտրտունջ սկսած էի գործիս: Սրճարանին սեղանները կը սրբէի, անուշադիր` անցնող-դարձողներուն նկատմամբ, որոնք մեծ մասամբ ամառուան շրջանի զբօսաշրջիկներ էին: Կը մտածէի, թէ որքա՛ն բախտաւոր էի, որ այսքան լաւ գործ կրցած էի գտնել եւ ամառուան արձակուրդս լաւապէս օգտագործած էի` հաւաքելու համար նշանակալից գումար մը, որ ուսմանս տարեշրջանի մաս մը ծախսեր պիտի թեթեւցնէր: Անկախանալու համար մէկ տարի մնացած էր: Մէկ տարի եւ կ՛աւարտէի, ու հայրս վերջապէս կրնար ազատօրէն իր միակ տղուն աւարտելուն գովքը երգել` հեռաւոր Մոսկուա, կնոջը առջեւ:

Այս մտածումներով տարուած էի, երբ նրբամարմին ու երկարահասակ աղջիկ մը, գոյնզգոյն շրջազգեստով, սեւ կաշիէ պայուսակ մը ուսերուն եւ կաշիէ զինուորական կօշիկներ հագած` կողքէս անցաւ: Սեւ խուճուճ մազերուն մէջ  տեղ-տեղ դեղին երանգով խոպոպներ կային եւ կարմիր ականջակալներ դրած էր: Աչքերուն երկինքի կապոյտը կը նախանձէր եւ վառ շրթունքները այրող ցանկութեան դռներու բանալիներ էին կարծես: Անշարժացած կը հետեւէի անոր քայլերուն, մօտեցաւ, հանդիպեցան մեր աչքերը, եւ կը հեռանար, երբ գործընկերս մօտեցաւ եւ իբր թէ ցած ձայնով ըսաւ.

– «Տեսա՞ր այդ աղջիկը, ականջի քանի մը օղը չէ բաւարարած զինք, քիթին ալ օղ դրած է: Ձեռքին ալ դաջուածք մը ունէր, նոթայի տետրակ մըն էր կարծես: Ի՜նչ վիճակի հասած են հայ աղջիկները, կը տեսնե՞ս, ծնողք չունին կարծես»:

Ապշած կը լսէի  անոր արտասանած դատողական խօսքերը: Յուսախաբութեամբ գիտակցեցայ, որ այդքան գեղեցկութեան դիմաց անշնորհակալ այս մարդը յաջողած էր խանգարել  անուշ վայրկեան մը, գեղեցկութեան արժեւորման եւ թերեւս սիրոյ առաջին թրթիռներու բոցը կրցած էր մարել անխիղճօրէն: Անտարբերութիւն ցուցաբերեցի ըսածներուն, այդ վայրկեանին ճիշդ թուեցաւ այդ  մէկը: Սակայն վրդոված էի, շատ լաւ կը ճանչնայի  զայն: Անվայել կեցուածքներէ սկսեալ մինչեւ ստախօսութիւն, անպատասխանատուութիւն եւ նոյնիսկ զրպարտութիւն տեսած էի իրմէ այս քանի մը ամսուան ընթացքին: Շաբաթով անտրամադիր էի: Այդ սիրուն աղջկան մասին ինչե՜ր ըսած էր իմ ներկայութեամբս, եւ ես մէկ բառով չէի կրցած պաշտպանել զայն  եւ կամ նոյնիսկ չհամաձայնիլ ըսածներուն: Կը զղջայի լուռ մնացած ըլլալուս համար: Անպատասխան մնացած խօսքը ճշմարտութեան տպաւորութիւն կու տայ:

———————-

Անծանօթ աղջկան օրագիրէն հատուած մը

Սիրելի՛ օրագիր,

Այսօր առաջին օրս էր Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն ներս: Հպարտ եմ, անսահման խանդավառ: Երազներուս իրականացումը կը տեսնեմ փայլուն հորիզոնին վրայ: Կեանքս իմաստաւորուած կը զգամ: Տարիներու աշխատանքս, ներդրած ջանքերս եւ զոհողութիւններս վերջապէս արդիւնք տուին: Հայրս այնքա՜ն ուրախ պիտի ըլլար, որ իր յաճախած եւ սիրած համալսարանը կ՛երթամ արդէն: Միշտ բարձր պիտի պահեմ անունդ, հայրի՛կ: Դաշնամուրի դասախօսս նկատեց ձեռքիս դաջուածքը եւ ժպտալով հարցուց .

– Անգիր գիտե՞ս նուագել Կոմիտասի այդ ստեղծագործութիւնը:

– Անշո՛ւշտ,- պատասխանեցի,- եօթը տարեկանէս ի վեր, իմ նախասիրած ստեղծագործութիւնս է Կոմիտասի «Կռունկ»-ը: Իմ կարծիքովս  գլուխ գործոց մըն է, ուր ամբողջութեամբ հայ ազգի էութիւնը կ՛արտացոլայ, վերադարձի շարունակուող կանչ մըն է ինծի համար: Սասունցի եմ եւ Երկիրը յիշողութեանս մէջ է ժառանգաբար:

Տատիկս եթէ  ողջ ըլլար, կը պատմէի իրեն այս բոլորը: Ա՜խ տատիկ, ա՜խ հայրիկ:

Կոմիտասը, « Կռունկ»-ը, Սասունը, հայրիկս եւ տատիկս հետս էին այսօր: Հետս են միշտ:  Նոյնիսկ ամէնէն նշանաւոր բեմերուն վրայ դաշնամուրին առջեւ այնտեղ ալ հետս պիտի ըլլան անոնք:

Յ. Գ.- Այսօր առտու ճանապարհին, սեւաչեայ տղայ մը տեսայ, որ խորութեամբ նայեցաւ աչքերուս:  Ակնթարթ մը, եւ զգացի,  որ ան հոգիս ճանչցաւ, ու ան զարթնեցաւ:

Եւ Կոմիտասը ականջիս շշնջաց`

«Հեռու ես, մոռանա՛լ մի,

Եա՜ր, եա՜ր, եա՜ր…»:

24 փետրուար 2019, Երեւան

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Նորգիւղեան Յուշեր. Փոքր Հայաստան Մը

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.