Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամուլսար, Հանրաքուէ Եւ Ռազմավարական Ընտրանքներ

August 26, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Ամուլսարի ոսկիի հանքին շահագործման վերաբերեալ հայաստանեան հասարակութեան տարբեր խաւերուն մէջ ստեղծուած քիչ մը խառնաշփոթ կացութեան մէջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը տեղին եւ նպատակայարմար առաջարկութեամբ մը հանդէս եկաւ` հանրաքուէի միջոցով որոշելու հանքավայրին շահագործման ճակատագիրը: Եթէ ժողովուրդը այո՛ ըսէ հանքավայրը բանալու եւ ոսկին ու արծաթը պեղելու ընտրանքին, ապա «Լիտիան Արմենիա» ընկերութեան կանաչ լոյս կը տրուի, եւ աշխատանքները կը սկսին: Այլապէս, հանքավայրը շահագործելու խնդիրը լուծուած կ՛ըլլայ, եւ մթնոլորտը միանգամընդմիշտ կը խաղաղի:

Դաշնակցութեան առաջարկը ինքնին կը յենի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան վրայ, որ քաղաքական եւ տնտեսական ճակատագրական որոշումները պիտի տրուին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Այսինքն, ինչպէս որ ժողովուրդը ընթացք տուաւ իշխանափոխութեան, ժողովրդային շարժմամբ, այնպէս ալ, երբ հարցը կը վերաբերի քաղաքական թէ տնտեսական ճակատագրական խնդիրներու, ժողովուրդը ինք պիտի որոշէ ու վճռէ: Եւ Ամուլսարի թղթածրարը անկասկած նման ճակատագրական խնդիր մըն է, մանաւանդ երբ ի մտի ունենանք, որ հանքին շահագործման թիրախներէն մին ազգային- ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող Հայաստանի անուշ ջուրի գլխաւոր աղբիւր Սեւանայ լիճն է, որուն ջուրերը կրնան ապականիլ եւ անդարմանելի հարուած հասցնել ծովէ զուրկ Հայաստանի ջրային հարստութեան:

Հոս կը ծագի խնդիր մը: «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ, պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեանի այն նկատողութիւնը, թէ ժողովուրդը իր վստահութեան քուէն տուած է իշխանութեան, որ` «Ամուլսարի նման բարդ եւ բազմաշերտ խնդրին վերաբերեալ նպատակայարմար որոշում կայացնելու ամբողջական իրաւասութիւնը ունի»: Ասիկա անշուշտ կը նշանակէ, որ իշխող մեծամասնութիւնը համաձայն չէ հանրաքուէի առաջարկին: Բայց խնդիրը կը մնայ խնդիր, ոչ թէ որովհետեւ Ամուլսարի հարցով կառավարութեան որոշումին հաւաստիութեան եւ իրաւացիութեան հարց գոյութիւն ունի, այլ որովհետեւ հանքին շահագործման դէմ բողոքի ալիքը բնաւ կարելի չէ անտեսել պարզ այն պատճառով, որ միջազգային տեղեկագրին եզրակացութիւններուն դէմ ներկայացուած հակափաստարկները բաւական համոզիչ են:

Հոս անմիջապէս պէտք է նշել, որ Ամուլսարի հանքին շահագործման հետեւանքներուն ծիրը բաւական ընդարձակ է եւ կը ներառէ Դարբ, Արփա եւ Որոտան գետերը` իրենց ջրամբարներով եւ հովիտներով, Սեւանայ լիճը, ինչպէս նաեւ` ասոնց յարակից տարածքներն ու բնակավայրերը: Թուական պարզ պատկեր մը տալու համար աւելցնենք, որ Դարբ, Արփա եւ Որոտան գետերուն ջուրերէն կ՛օգտուին յիսունչորս բնակավայրեր, որոնց բնակչութիւնը, որ գլխաւորաբար հողագործութեամբ կ՛ապահովէ իր օրապահիկը, դէմ յանդիման պիտի գայ ապականած ջուրերով գետերու` ոռոգման ահաւոր տագնապ մը դիմագրաւելով: Ասոր դիմաց, «Լիտիան Արմենիա» ընկերութիւնը կը խոստանայ յառաջիկայ 11 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ներդրել աւելի քան հինգ միլիառ տոլար եւ ստեղծել ժամանակաւոր աշխատատեղիներ, որոնք հանքավայրի փակման հետ ալ պիտի անհետանան:

Ամուլսարի հանքավայրի հանքաքարին քանակը` ոսկիով եւ արծաթով, բաւական հակասական տուեալներ ունի: Օրինակի համար, ըստ նախագիծին, վերամշակուելիք հանքաքարը 89.376.300 թոն է, որուն մէջ ոսկին 73.733 քիլոկրամ է, իսկ արծաթը` 294 թոն: Հանքին արտահանման պարագային, ոսկիէն հազար հարիւր քիլոկրամ պիտի կորսուի, իսկ արծաթէն` չորս թոն: Ուրեմն արտահանուած ոսկին 72.633 քիլոկրամ, իսկ արծաթը` 290 թոն, արտահանուած ոսկիին` ութսունեօթը առ հարիւրը, եւ արծաթին քառասուն երեք առ հարիւրը պիտի կորզուի, ինչ որ ոսկիի պարագային 63.191 քիլոկրամ է: Այսօրուան սակով աւելի քան երեք միլիառ է: Այսինքն ընկերութիւնը այս գումարը պիտի շահի ոսկիէն: Բայց կ՛ըսուի, որ «Լիտիան Արմենիա» հինգ միլիառ տոլարի ներդրում պիտի կատարէ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ: Այլ խօսքով, եթէ այսպէս է, ապա պակասորդը կը կազմէ շուրջ երկու միլիառ տոլար: Շատ հաւանաբար ընկերութիւնը պակասորդը վերացնելու համար պիտի իւրացնէ հանքավայրին մէջ գտնուող միւս օգտակար տարրերը, ինչպէս` երկաթ, կալիում, պերիլիում, կապար, ծարիր, մկնդեղ, նիկել, պղինձ, սնդիկ, թայթըն, զինկ, իւրանիոմ, վանատիւմ եւ այլ տարրեր:

Ամենայնդէպս Ամուլսարի ոսկիի հանքին շահագործման խնդրին էութիւնը խորքին մէջ տնտեսաքաղաքական հետեւանքներով յղի թղթածրար մըն է, որ կարիքը ունի ճիշդ որոշումներու, որոնք երկարաժամկէտ քաղաքականութեան որդեգրմամբ, կոչուած են ապահովելու եւ երաշխաւորելու Հայաստանի կենսոլորտային մաքրութիւնը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հանրաքուէ առաջարկեց: Հարցն ալ համահայկական խնդիր է, որովհետեւ կ՛առնչուի ազգային-ռազմավարական ապահովութեան: Երբ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ժողովրդային շարժման օրերուն վարչապետ Փաշինեան կը յայտարարէր, որ ճակատագրական խնդիրներու պարագային որոշումը եւ վճիռը ժողովուրդը պիտի տայ, Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրին շահագործման թղթածրարը ի մտի ունէ՞ր: Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ գերազանցապէս տնտեսական այս ճակատագրական խնդիրը ժողովրդային հանրաքուէով վճռուելիք խնդրի մը բնոյթը ունի: Միայն թէ, այս պարագային, մեկնաբանութեան խնդիր է իշխանական խմբակցութեան կողմէ հրապարակ նետուած այն տեսութիւնը, թէ ժողովուրդը, ճիշդ է, որ ինքն է որոշում կայացնողը, բայց… իշխանութեան վստահութեան քուէ տուած է, որպէսզի հարցերուն շուրջ վճիռներ արձակէ:

Վերջին հարցադրում մըն ալ ինքզինք կը պարտադրէ: Ամուլսարի ոսկիի հանքը արդեօ՞ք կառավարութեան Աքիլլէսի կրունկը պիտի ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Տակաւին Յուսադրուի՞նք, Թէ՞ Հիասթափինք…

Յաջորդը

Երուանդ Քոչարի Թանգարանին Մէջ, Իր Մասին Եւ Անկէ Վերջ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.