Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ Քննարկեց Բանակի 2020-ի Պիւտճէն, Սահմաններու Հսկողութիւնն Ու Ապօրինի Անցքերը Փակելու Կարելիութիւնները

August 24, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց լիբանանեան բանակի պիւտճէի յանձնախումբին անդամները, որոնց հետ քննարկեց բանակի 2020-ի պիւտճէն:

Պու Սաապ ընդունեց նաեւ սահմաններու հսկողութեան յանձնախումբի նախագահ, գնդապետ-զօրավար Մարսել Պալուքժին, որուն հետ քննարկեց սահմանային հսկողութեան համակարգը բարելաւելու հեռանկարներն ու Լիբանան – Սուրիա ապօրինի անցքերը փակելու կարելիութիւնները:

Պու Սաապ յայտնեց, որ ինք վարչապետին հետ պիտի քննարկէ սահմանային հսկողութեան տնօրինելու նոր ռազմավարութիւն մը եւ ամէնէն արագ միջոցին զայն պիտի ներկայացնէ կառավարութեան:

Միւս կողմէ, նախարարը երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան ընթացքին լիբանանեան բանակը արեւելեան լեռնաշղթայէն վտարեց հաւատադրժողական գոյացութիւնը, որ Լիբանանի մէջ չի կրնար բոյն դնել:

Ան նշեց նաեւ, որ Դիմադրութիւնը եւս մեծ դերակատարութիւն ունէր Լիբանան-Սուրիա սահմանային շրջանին մէջ հաւատադրժողական գոյացութեան մաքրագործումին մէջ, ինչ որ մեծ յաղթանակ ապահովեց Լիբանանին:

Պու Սաապ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառու էր բանակին կողմէ մղուած հաւատադրժողական գոյացութեան մաքրագործումի այդ գործողութեան:

«Լիբանանի արձանագրած վեհ յաղթանակը կը կայանայ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան` հանրապետութեան նախագահի զօրակցութեան, բանակին նկատմամբ լիբանանցիներուն ցուցաբերած նեցուկին եւ ահաբեկիչներուն դէմ ցուցաբերուած կռիւին մէջ», ըսաւ Պու Սաապ:

Նախորդը

«Նիու Փլազա Թուրզ»-ի Հետ Գործակցող Լիբանանցի Ճամբորդներ Խաբեբայութեան Զոհ Դարձած Են

Յաջորդը

Լիբանանի Տնտեսական Իրավիճակին Մասին Միջազգային Վարկանիշը Հրապարակուեցաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.