Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտարարեց, թէ իր երկրին ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ ամիսներէ ի վեր «իմ ցուցմունքովս» բանակցութիւններ գոյութիւն ունին:
Մատուրօ յայտնեց, որ ճգնաժամի լուծման համար վենեզուելական կառավարութեան ու ամերիկեան վարչակազմին միջեւ բարձր մակարդակի գաղտնի բանակցութիւններ գոյութիւն ունին:
«Գաղտնի տեղերու մէջ գաղտնի բանակցութիւններ գոյութիւն ունին, գաղտնի անձերու հետ, եւ ոչ ոք պէտք է զանոնք ճանչնայ», ըսաւ ան:
«Եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը օր մը ուզէ լուրջ խօսակցութիւն ունենալ եւ տագնապի լուծման ծրագիր կազմել` մենք միշտ պատրաստ ենք բանակցելու», աւելցուց Մատուրօ:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մէջ Վենեզուելայի դեսպան Խորխէ Վալերօ նախապէս յայտնած էր, թէ վենեզուելական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Նորվեկիոյ մէջ:
Քարաքաս յունիս 2019-ին հաղորդած էր, թէ իսրայէլացի, ամերիկացի եւ քոլոմպիացի «ահաբեկիչներ» մասնակցած են Մատուրոյի ահաբեկումը ներառող յեղաշրջման փորձի ծրագիրի մը:



