Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանեան Քարիւղատար Նաւը Կ՛ուղղուի Յունական Քալամաթա Կղզի

August 20, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրանեան «Ատրիան Տարիա 1» քարիւղատար նաւը (նախապէս` «Կրէյս 1», «Ա.»), որ 4 յուլիսէն ի վեր գրաւուած էր, մեկնած է Ժիպրալթարի նեղուցէն եւ ուղղուած յունական Քալամաթա կղզի:

Ժիպրալթարի իշխանութիւնները մերժած էին իրանեան նաւուն գրաւումը երկարաձգելու Միացեալ Նահանգներու պահանջը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ ժիպրալթարեան դատարանին կողմէ ամերիկեան պահանջին մերժումը կու գայ հաստատելու, որ ամերիկեան պատժամիջոցները անկարեւոր են ու անօրինական:

Նախարարութիւնը նշեց, թէ դիւանագիտական եւ իրաւաբանական խողովակներով աշխատանք տարած է քարիւղատար նաւուն գրաւումին վերջ տալու, եւ այդ ջանքերը տուած են իրենց արդիւնքը:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Ժիպրալթարի կառավարութենէն իմացանք, թէ Թեհրանէն խոստում ստացած է, որ գրաւուած «Կրէյս 1» քարիւղատար նաւը ազատօրէն նաւարկելու իրաւունք ստանալէն ետք պիտի չուղղուի Սուրիա»` աւելցնելով. «Իրան պէտք է յարգէ իր խոստումը»:

«Ձեռնածալ պիտի չմնանք եւ Իրանին պիտի չարտօնենք շրջանցել եւրոպական պատժամիջոցները սուրիական վարչակարգին դէմ, որ իր ժողովուրդին դէմ քիմիական զէնքեր կը գործածէ», նշեց նախարարութիւնը:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, թէ Իրանի կողմէ Հորմուզի նեղուցին մէջ քարիւղատար նաւերու դէմ յարձակումներուն ու գրաւումներուն եւ Սուրիոյ վերաբերեալ եւրոպական պատժամիջոցներու Ժիպրալթարի կառավարութեան գործադրման միջեւ կապ գոյութիւն չունի` շեշտելով. «Պէտք է յարգել ծովային նաւարկման ու ապրանքաշրջանառութեան ազատութիւնն ու միջազգային օրէնքը»:

 

Նախորդը

Թրամփ Կրինլանտը Գնելու Գաղափարը Լաւ Կը Նկատէ, Իսկ Դանիոյ Վարչապետը` Անհեթեթ

Յաջորդը

Փութին. «Կը Զօրակցինք Իտլիպին Վերատիրանալու Սուրիական Բանակի Գործողութեան»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.