Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ 1 նոյեմբեր 2019-էն սկսեալ երկրին մէջ պիտի վերսկսի զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը, անճիշդ է:
Բանակի հաղորդագրութիւնը հերքելէ ետք այդ լուրը` ընկերային ցանցերէն ու լրատուական կայքերէն պահանջեց զգուշ ըլլալ եւ լուրերը հրապարակելէ առաջ ստուգել անոնց իրաւացիութիւնը` ուղղակի բանակի հրամանատարութենէն:
Հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, որ բանակին մասին ճշգրիտ լուրեր ստանալու համար այցելեն լիբանանեան բանակի պաշտօնական կայքը:


