Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց, որ իբրեւ լիբանանցիներ իրենք ստիպուած են երկխօսութեան սկզբունքը տարածել: «Մենք պէտք է խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական, բարգաւաճման, ընկերային, ելեւմտական եւ ապրուստի ապահովումին երկխօսութիւնը տարածենք», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ լիբանանցին զզուած է պատերազմի եւ սադրանքներու նախապատրաստութեան բառամթերքէն:
Ան նշեց, որ Լիբանան պէտք է պաշտպանէ ազգային միասնականութեան երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին երկխօսութիւնը, որ հիմնուած է կրօնական եւ մշակութային բազմազանութեան վրայ:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն պաշտպանելու այդ երկխօսութիւնը եւ ըսաւ. «Այսուհետեւ Լիբանան անկարող է յաւելեալ բաժանում եւ ինքնամփոփ իրավիճակ հանդուրժել»:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդասիրական կարգ մը թղթածրարներ:
Տիմանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ժորժ Աթալլա, ինչպէս նաեւ Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ տնտեսական բեմը յուզող հարցերը:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է միասնականանայ տնտեսական տեսլականի մը եւ քաղաքական ծրագիրի մը շուրջ, որպէսզի վերահաստատէ իր նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը:



