Յուլիսեան պատերազմի յաղթանակին 13-ամեակին առիթով, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի յայտնեց, որ լիբանանցիները եւ Հըզպալլան ամերիկացիներուն եւ սիոնականներուն ցնցիչ ապտակ մը հասցուցած են:
Ան նշեց, որ 2006-ին Լիբանանի դէմ սանձազերծուած այդ պատերազմին նպատակն էր յառաջացնել Նոր Միջին Արեւելք մը, որ ծրագրուած էր ամերիկացիներուն կողմէ, «սակայն Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրը ձախողեցաւ եւ վերածուեցաւ Դիմադրող Միջին Արեւելքի», հաստատեց ան:
Լարիճանի իր խօսքը ուղղելով ամերիկեան վարչակազմին ըսաւ. «Կրնաք բոլորին դէմ պատժամիջոցներ պարտադրել եւ պիտի տեսնէք, որ ոչինչ պիտի պատահի, որովհետեւ դուք հակասութիւններէ կը տառապիք` ձեր անհեթեթ եւ անմիտ երազներուն պատճառով»:
Լարիճանի հաստատեց, որ ամերիկեան վարչակազմը մէկ կողմէ Իրանի հետ բանակցութիւններ սկսելու միջնորդներ կամ բանագնացներ կը գործուղէ Թեհրան, իսկ միւս կողմէ պատժամիջոցներ կը պարտադրէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի դէմ:



