ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ներկայ փուլին առաջնահերթութիւնը երկրին տնտեսական իրավիճակին ամրապնդումն է:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Մանսուր Պթայշ յայտնեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ պետական ամավարկի ծախսերը 7,6 առ հարիւրով նուազեցնելու իր որոշումին: Ան աւելցուց, որ Լիբանան կարողութիւն ունի գործադրելու այդ որոշումը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը ֆիզիքապէս ոչնչացնելու մասին մտածողը կը փափաքի Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնել:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան լիբանանեան հիւսուածքին, որ պէտք է աւելի եւս ամրապնդուի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի` Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոց փոխադրութիւնը խորհրդանշական է եւ կ՛ամրապնդէ Լեռնալիբանանի մէջ գործակցութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը վերածուի արդիւնաւէտ բջիջի մը, որպէսզի կարենայ երկրին տնտեսական եւ կենցաղային թղթածրարներուն լուծումներ ապահովել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու համաձայնութեան շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ եւ Ամալ շարժումի Պաալպեքի ղեկավարութիւնները երէկ ունեցան հերթական հանդիպում մը, որուն ընթացքին շեշտեցին «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութեան» ոսկեայ տարազին կառչած մնալու իրենց յանձնառութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ ըսաւ. «Ո՛վ որ առանց Հըզպալլայի Լիբանան մը կը փնտռէ, դատարկութիւն որոնած կ՛ըլլայ»:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը շաբաթավերջին խախտեց Լիբանանի օդային սահմանները եւ թռիչքներ կատարեց Արքուպի, Մազարեհ Շեպաայի եւ Հասպայայի վերեւ:


