Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար մարմինը երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին կուսակցութեան իրաւաբանական բաժանմունքի նախագահ Նաշաթ Հասանիէ հաստատեց, որ հետաքննութիւնը փաստած է, թէ Լեռնալիբանանի միջադէպը թակարդ մը չէր եւ սպանութեան միտումով կատարուած գործողութիւն մը չէր:
Ան նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը մեծ թիւով կասկածելիներ յանձնած է լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին, որոնք անոնց մեծ մասը հարցաքննելէ ետք զանոնք ազատ արձակեցին:
Հասանիէ նշեց, որ իրենք առիթ պիտի տան ապահովական կառոյցներուն թափանցիկ հետաքննութիւն կատարելու` աւելցնելով սակայն, որ դատական իշխանութիւններուն գործունէութեան վրայ քաղաքական ճնշում բանեցուած է` դատական գործը իր ճիշդ ուղիէն շեղելու նպատակով:
Իր կարգին, ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր կատարեց այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք սրեցին իշխանութեան հետ բախումի մթնոլորտը:
Ան շեշտեց, որ Պասաթինի միջադէպին վերաբերող տեղեկութիւններն ու ճշմարտութիւնները կեղծուած են, եւ միջադէպը ներկայացուած է իբրեւ տեղայնական ու քաղաքական տարբեր թեւեր ընդգրկող շրջանի մը մէջ արձանագրուած միջադէպ` «մոռնալով, որ այդ միջադէպին ենթահողը կազմող հիմնական ճշմարտութիւնը արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի շրջան կատարած այցելութիւնն ու արտայայտած քաղաքական կեցուածքներն են, որոնք կը նկատուին համայնքային սադրանքներ հրահրող յայտարարութիւններ: Իսկ քաղաքական նոյն ուժերը սկսած են յայտարարել, թէ այդ միջադէպին նպատակը նախարարի մը մահափորձն էր», աւելցուց ան:
Ապու Ֆաուր վերահաստատեց, որ Պասաթինի միջադէպին գլխաւոր պատճառը Պասիլի ընդվզեցուցիչ եւ թշնամական յայտարարութիւններն են:
Ապու Ֆաուր խստիւ դատապարտեց Պասիլի յայտարարութիւնները` նկատել տալով, որ Լեռնալիբանանի մէջ գոյացած հաշտութիւնը պատմական է, եւ անոր մասնակցած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը, երբ տակաւին անոր գործունէութիւնը արգիլուած էր: «Արդեօք եթէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կամ այլ անձնաւորութիւն մը Լեռնալիբանան այցելէր, նոյն միջադէպը պիտի պատահէ՞ր. անշուշտ ոչ», ըսաւ ան:
Ապու Ֆաուր հարց տուաւ նախագահ Աունին, թէ արդեօք ինք կ՛անդրադառնա՞յ, թէ քաղաքական իր ժառանգորդը նկատուող այս պատասխանատուին արտասանած քաղաքական ճառերը ի՛նչ վնասներ կը հասցնեն Լիբանանին, անոր քաղաքացիական անվտանգութեան եւ քաղաքական անդորրին:
Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու Արդարութեան խորհուրդի անուան տակ լարուող քաղաքական թակարդներուն եւ վերադառնալու կառավարութեան նիստերուն ու աշխատանքին:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպը մահափորձի ենթարկելու թակարդ չկար` աւելցնելով, որ Ղարիպի ընկերակիցներն էին, որոնք փամփուշտներու տարափով մը պատճառեցին այդ միջադէպը, ըստ հետաքննութեանց արդիւնքներուն:
Ան կասկածի տակ առաւ դատական իշխանութեան որդեգրած ընթացքը` հաստատելով, որ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ ճնշումներ բանեցուցած են դատախազ Քլոտ Ղանեմի վրայ եւ անոր ստիպած թղթածրարը փոխանցել դատաւոր Մարսել Պասիլի: «Այսպիսի գործունէութիւն պարկեշտ կը նկատուի՞», հարց տուաւ ան, եւ կոչ ուղղեց Դատական գերագոյն խորհուրդին արտակարգ նիստ մը գումարելու եւ քննելու այս կացութիւնը, որպէսզի անպարկեշտութեան վերջ տրուի եւ դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը պաշտպանուի:
Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց նաեւ արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհանին յանդուգն եւ քաջ որոշումներու դիմելու:
Ան շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը իրաւական առումով պիտի դիմադրէ հանրապետութեան նախագահին քաղաքական ուժը նկատուող այդ խմբաւորումին, որ կը փորձէ դատական շինծու թղթածրար մը ստեղծել:
Ապու Ֆաուր նկատել տուաւ, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը ամուր է, եւ անոր կառչած կը մնան տիւրզիներն ու քրիստոնեաները:
Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած իր գրառումին ընդմէջէն հաստատեց, որ կանխամտածուած ահաբեկչութեան դէմ կանգուն պիտի մնան` իրենց կողքին ունենալով շարք մը բարեկամ քաղաքական ուժեր:
Արդարութեան Նախարարը Կը Զգուշացնէ Դատական Իշխանութիւններուն Գործունէութիւնը Կասկածի Տակ Առնելէ
Արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհան կոչ ուղղեց բոլորին վերջ տալու իրարու նկատմամբ վիրաւորանքի եւ լուսանցքայնացումի արտայայտութիւններուն:
Ան զգուշացուց դատական իշխանութիւններուն գործունէութիւնը կասկածի տակ առնելէ` ընդգծելով, որ այդ քայլը լիբանանեան պետութիւնը դէպի անդունդ կը մղէ եւ պատճառ կը դառնայ, որ բոլորը վնասուին անոր հետեւանքներէն:
Նշենք, որ Դատական գերագոյն խորհուրդը երեկոյեան ժամը 6:30-ին հերքեց Ապու Ֆաուրի կատարած բոլոր այն յայտարարութիւնները, թէ նախարարներ ճնշումներ բանեցուցած են դատաւորներու վրայ` հաստատելով, որ այդ յայտարարութիւնները անճիշդ են:
Լիբանանեան Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը Կը Պատասխանէ
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յետմիջօրէին հաղորդագրութեամբ մը պատասխանեց ճարտարարուեստի նախարարին` շեշտելով, որ ոճիրը ծածկելու նպատակով որդեգրուած ստորնութիւնը ապարդիւն դուրս պիտի գայ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ իրենք իրենց նահատակներուն թափած արիւնը սակարկութեան պիտի չենթարկեն` աւելցնելով, որ իրենք եւս ունին փաստեր եւ ձայնագրութիւններ, որոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի բացայայտեն, երբ մամլոյ ասուլիսով մը պատասխանեն այս թատրոնին:



