Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ երէկ Սայտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Քումաթի նշեց, որ կառավարութեան նիստերը չգումարելը ժխտական իրականութիւն մըն է, որ երկրին վնաս կը հասցնէ:
«Պէտք է նախարարաց խորհուրդը վերադառնայ իր ժողովները գումարելու, որովհետեւ այդ նիստերն են, որոնք կը վերակենդանացնեն Լիբանանի տնտեսութիւնը, յատկապէս պետական ամավարկի վաւերացումէն ետք: Լիբանանցիները կը դիմագրաւեն մեծ թիւով տնտեսական հարցեր ու տագնապներ, որոնք որոշումներու կը կարօտին` ջուր, ելեկտրականութիւն, աղբահանում եւ այլն, հետեւաբար պէտք է կառավարութիւնը գործէ, որպէսզի այս բոլոր տագնապները լուծուին», ըսաւ ան:
Ան շեշտեց, որ այս բոլոր անհրաժեշտ հարցերը կասեցուած են, պարզապէս որովհետեւ տեղայնական հարցեր գոյութիւն ունին եւ դատական իշխանութիւններուն կ՛արգիլեն իրենց աշխատանքը կատարել:
«Մենք կը շեշտենք դատական իշխանութիւններուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հաստատենք, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը Լիբանանին զօրութիւն կը ներշնչէ», հաստատեց Քումաթի:
Անդրադառնալով «Դարու գործարք»-ին` Քումաթի ընդգծեց, որ ատիկա մեռած ծնած է` պաղեստինցի դիմադրող ժողովուրդին եւ անոր երկաթեայ կամքին գոյութեամբ:
Իր կարգին, Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց որդեգրելու երկրի հարցերու լուծման ազգային տեսլական մը, որ համայնքային ենթահողերէ զերծ ըլլայ:
Սաատ կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական կայունութեան եւ պետական հաստատութիւններու աշխատանքներուն ընդմէջէն լուծումներ գտնելու:
Սաատ նշեց, որ Քումաթիի հետ քննարկած է նաեւ շրջանային եւ միջազգային հարցեր, որոնց շարքին են ամերիկեան եւ սիոնական ծրագիրները, որոնք թիրախ կը դարձնեն Լիբանանը եւ Դիմադրութիւնը:
Սաատ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի պաշտպանութիւնը ամերիկեան ծրագիրներէն, յատկապէս անոնցմէ, որոնք թիրախ կը դարձնեն պաղեստինցի գաղթականներն ու անոնց իրաւունքները:



