Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Արագած Շրջանի Բարեզարդման Օրինակելի Նախաձեռնութիւն

August 7, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Արագածի շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին երէկ` երեքշաբթի, 6 օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հետաքրքական եւ շահեկան հաւաք մը տեղի ունեցաւ Արագածի ակումբին մէջ` ներկայութեամբ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ շրջանի բնակիչ ազգայիններու հոծ բազմութեան:

Հաւաքին բացումը կատարեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Պօղոս Գազէզեան, որ ողջունելով ներկաները սեղմ գիծերու մէջ պարզեց հաւաքին առիթն ու նպատակը: «Այսօր հոս հաւաքուած ենք գործակցաբար «Դրօ» կոմիտէութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ` խորհրդակցելու համար գլխաւորաբար Արագածի շրջանի բարեզարդման ու մաքրութեան գծով առնուելիք քայլերուն մասին», ըսաւ Գազէզեան` շեշտելով, որ խօսակցութիւնները պիտի կեդրոնանան հիմնականին մէջ նշեալ նիւթին վրայ: «Այս մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու համար քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան անձամբ եկած է այստեղ», ըսաւ Գազէզեան եւ խօսքը փոխանցեց քաղաքապետին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ներկաներուն պարզեց քաղաքապետութեան ծրագիրը` Պուրճ Համուտի բարեզարդման եւ մաքրութեան տեսլականին գծով, որ պիտի սկսի Արագածէն եւ շարունակուի Պուրճ Համուտի այլ շրջաններու մէջ` հիմնականին մէջ թիրախ ունենալով շրջանի փողոցներու մաքրութեան արշաւ, շէնքերու ներկ ու նորոգութիւն եւ տանիքներու մաքրութիւն:

Քաղաքապետ Պօղոսեան ցոյց տուաւ իրեն հետ բերած` Արագածի տանիքներու այժմու տեսարանը պարզող մեծ նկար մը, ուր բացայայտ են թաղերու եւ յատկապէս` տանիքներու վրայ անկանոն կերպով լքուած առտնին անգործածելի սարքեր եւ արբանեակային կայաններու ալեհաւաքներու (տիշ) կազմածներ:

Մարտիկ Պօղոսեան նշեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը որոշած է բարեզարդել եւ մաքրել այս թաղամասերը` քանի մը ամսուան ժամկէտ ճշդելով: «Ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ համայն Միջին Արեւելքի մէջ աննախընթաց նախաձեռնութիւն մըն է ասիկա, որուն իրագործման համար ձեր օժանդակութեան կարիք ունինք», շեշտեց քաղաքապետ Պօղոսեան` նշելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, գործակցաբար բնակիչներուն հետ, պիտի վերացնէ անգործածելի եւ լքուած սարքերն ու գոյքերը եւ պիտի բարեզարդէ ու ներկէ շրջանի շէնքերուն ճակատները` ներդաշնակ գոյներով գեղատեսիլ պատկեր մը ունենալու համար: Ապա քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան պարզեց Պուրճ Համուտի ընդհանուր տեսքին գծով քաղաքապետութեան նախատեսած գունազարդ ու գեղատեսիլ համայնապատկերը` մաղթելով, որ անիկա օրինակ դառնայ այլ շրջաններու: «Գործակցաբար պիտի իրականացնենք այս տեսլականը, որպէսզի ամբողջ հանրութեան ներկայացնենք գեղատեսիլ ու բարեզարդուած Արագածն ու Պուրճ Համուտը», ընդգծեց Պօղոսեան` նշելով, որ քաղաքապետութիւնը իր կարելիութիւնները կը դնէ ՀՅ Դաշնակցութեան տրամադրութեան տակ , որպէսզի խորհրդակցաբար եւ գործակցաբար իրականանայ նշեալ ծրագիրը:

Հակառակ այն իրողութեան, որ հաւաքը յատկացուած էր բարեզարդման ու մաքրութեան քայլերուն, քաղաքապետ Պօղոսեան ներկաներուն թելադրեց ներկայացնել կամ արծարծել որեւէ հարց կամ դժուարութիւն, որ կ՛անհանգստացնէ զիրենք: Ապա ան մի առ մի պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն եւ առաջարկներուն: Իսկ այն հարցերը, որոնք հետապնդումի եւ ստուգման կը կարօտին, անոնց գծով քաղաքապետ Պօղոսեան թելադրեց ներկայանալ քաղաքապետարան` խոստանալով կարելի բոլոր միջոցներով ընդառաջել եւ լուծել բոլոր հարցերը:

Այս առիթով ներկաներուն կողմէ եղան կարգ մը հարցադրումներ ու շինիչ առաջարկներ, ինչպէս` շրջանի թաղամասերը անուանակոչել հայ նահատակներու անուններով, հսկել կոյուղիներու մաքրութեան եւ աղբերու վերացման ու յարակից աշխատանքներուն: Քաղաքապետ Պօղոսեան բարձր գնահատեց ներկաներու եւ առհասարակ շրջանի ազգայիններու վճռակամութիւնը` գոյատեւելու շրջանին մէջ, յաղթահարելով երբեմնի ապահովական թէ այժմու տնտեսական դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: «Մենք հպարտ ենք ձեզմով եւ թոյլ պիտի չտանք, որ գաղթական դառնաք», շեշտեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան` դիտել տալով, որ գաղթականութեան սկիզբը հայ ազգայիններու յատկացուած հողաշերտերու ու բնակարաններու պարագային ժամանակի ընթացքին սեփականութեան պաշտօնական գրանցման միջոցին եղած են անուշադրութեան տեսակաւոր սխալներ, որոնք եթէ անտեսուին, կը սպառնան կարգ մը բնակիչներ զրկել իրենց բնակարաններու սեփականութեան իրաւունքէն: Ան թելադրեց նման հարցեր ունեցող ազգայիններուն ներկայանալ քաղաքապետարան եւ լուծել առկախ հարցերը:

Աւարտին «Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցի պահուն քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան վերահաստատեց իր եւ առհասարակ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան յանձնառութիւնը` Պուրճ Համուտի բարեզարդման իրագործման գծով, որուն մեկնարկը պիտի կատարուի Արագածի շրջանէն: Ան յստակացուց, թէ շրջանի 196 հողաշերտերու սեփականատէր ազգայիններ են բնակիչները, որոնք ներկայացած են: Քաղաքապետ Պօղոսեան յիշեցուց, որ արդէն իսկ կարգ մը շէնքերու բարեզարդման ու ներկելու  աշխատանքը սկսած է: Այլ աշխատանքներու գծով Պօղոսեան նշեց, որ ճամբաներու ասֆալթապատումի, ինչպէս նաեւ կամուրջին տակի սիւներու բարեզարդման քայլերը արդէն իսկ ընթացք առած են: Ծրագիրին մէջ կը նախատեսուի նաեւ ինքնաշարժներու առժամեայ տեղակայման անջատ դիրքերու («փարք միթըր») դասաւորման կարելիութիւնը, հոն` ուր անհրաժեշտ է:

Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան կոմիտէին կողմէ տրամադրուած յատուկ հիւրասիրութեան:

 

Նախորդը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». «Սփիտ-Թեսթ»-ի 3-րդ Եւ Վերջին Հանգրուանի Մրցումին Յաղթականը` Ռոժէ Ֆըղալի

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.