Հակառակ անոր որ Ռասինկ Պէյրութի հակադիր երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, եւ անոնք որոշեցին միասնաբար աշխատիլ ի նպաստ խումբին շահերուն, սակայն ցարդ ֆութպոլի խումբին փորձերը չեն սկսած:
Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի ազդանշանը պիտի տրուի մօտաւորապէս 40 օր ետք:
Շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն համաձայն, կը կարծուի, որ երեքշաբթի, 6 օգոստոսին, այդ փորձերուն սկսման թուական մը ճշդուի:


