Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի 3 ամիսով կախակայուեցաւ:
Ան մինչեւ 2 նոյեմբեր պիտի չկարենայ օգտակար դառնալ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին, ո՛չ բարեկամական եւ ո՛չ ալ պաշտօնական մրցումներու ընթացքին:
Այսպիսով, 32 տարեկան Մեսսի պիտի բացակայի Չիլիի, Մեքսիքայի եւ Գերմանիոյ դէմ կատարուելիք մրցումներէն, ինչպէս նաեւ 2022-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք առաջին մրցումէն:
Ան նաեւ պիտի վճարէ 50 հազար ամերիկեան տոլարի տուգանք մը:
Ան նախորդ ամիս Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած «Քոփա-Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին Պրազիլի դէմ տեղի ունեցած կիսաւարտականի մրցումէն ետք իրաւարարները ամբաստանեց` կաշառակերութեան յանցանքով:



